Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարլ Արպիտ Ընտրուեցաւ Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդի Նախագահ

December 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարլ Արպիտ երէկ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Տնտեսական – ընկերային խորհուրդի նախագահ:

Այս առիթով Արպիտ յայտնեց, որ խորհուրդը իր աշխատանքներով, ծրագիրներով եւ ներդրումներով պէտք է հարստացնէ Լիբանանը:

Ան նշեց, որ Տնտեսական – ընկերային խորհուրդը կը գտնուի քանի մը տարի առաջ սկսած նոր փուլի մը սեմին:

Արպիտ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են դիմագրաւելու տնտեսական սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները, որոնց դիմագրաւման առումով ինք ինքնավստահ է, որովհետեւ կը հաւատայ հաւաքական աշխատանքին յաջողութեան:

Ըստ անոր, Տնտեսական – ընկերային խորհուրդը կը կազմէ լիբանանեան պետութիւնն ու լիբանանեան ընկերութիւնը իրարու կապող կամուրջը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որ նախաձեռնեց խորհուրդի կազմութեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ զօրակցեցաւ խորհուրդի կազմութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ ծրագրեց ու կազմեց խորհուրդը:

Վարչապետ Հարիրի այցելեց Տնտեսական – ընկերային խորհուրդի կեդրոնը, ուր շեշտեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է երկրին հաստատութիւններուն աշխատանքին աշխուժացումը. այս առիթով ան շնորհաւորեց Արպիտի ընտրութիւնը:

Հարիրի նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած է Տնտեսական – ընկերային խորհուրդի կազմութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ այդ խորհուրդը արդի պետութեան հիմնասիւներէն է, որովհետեւ պետութեան եւ երկիրը բաղկացնող տարրերուն միջեւ երկխօութիւնը կը մարմնաւորէ իսկական ժողովրդավարութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու համար միջազգային խորհրդաժողովներ պիտի գումարուին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական կողմերն ու վարչապետը հեզասահ կերպով կը գործակցին իրարու հետ:

Հարիրի ըսաւ, որ Տնտեսական – ընկերային խորհուրդին աշխատանքը շատ է, նաեւ` անոր սպառնացող մարտահրաւէրները, իրենց կարգին, «որովհետեւ կ՛ապրին երկրի մը մէջ, որ կը տառապի տնտեսական լուրջ հարցերէ, հետեւաբար պէտք է գործակցինք` լուծելու համար այդ խնդիրները», հաստատեց ան:

Խորհուրդի կեդրոնէն մեկնումի պահուն վարչապետ Հարիրի` պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, շեշտեց, որ Լիբանան դժուար կացութեան մը դիմաց կը գտնուի, եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը իրենք զիրենք զանց պէտք է կացուցեն այլոց հարցերէն:

Ան նշեց, որ զինեալ երեւոյթները լիբանանեան պետութեան եւ երկրին ապահովութեան ուժերուն համար վատ իրականութիւն են` աւելցնելով, որ զէնք պարզող կողմը սուղ պիտի վճարէ իր այդ արարքին համար: «Ով որ խաղաղ ցոյցի պիտի մասնակցի, ապա ան իր իրաւունքին մէջ է, եւ ապահովութեան ուժերը կը պաշտպանեն այդ իրաւունքը», ըսաւ վարչապետը:

«Երէկուան ցոյցը եթէ հարիւր առ հարիւր խաղաղ ցոյց մը ըլլար, ապա ամբողջ աշխարհին դիմաց աւելի լաւ պատկերով պիտի ներկայանար եւ աշխարհին փոխանցէր մեր պատգամը, թէ Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է եւ վերջ», ընդգծեց Հարիրի:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շնորհաւորեց Արպիտը` յայտնելով, որ Տնտեսական – ընկերային խորհուրդը սահմանադրութեան ուժով ստեղծուեցաւ, եւ մաղթեց, որ այդ խորհուրդը երկխօսութեան եւ նուաճումներու ուժով ինքզինք կը պարտադրէ երկրին տնտեսութեան:

Նախկին նախարար Զիատ Պարուտ իր կարգին շնորհաւորեց Արպիտը` կոչ ուղղելով բոլորին զօրակցելու անոր:

Պարուտ նշեց, որ Արպիտ եւ անոր բարեկամները պիտի յաջողին ազգային բացառիկ գործունէութիւն ձեռքբերել` աւելցնելով, որ իրենք պէտք է օժանդակեն Տնտեսական – ընկերային խորհուրդին աշխատանքին:

 

Նախորդը

Մաշնուք Մեկնարկը Կատարեց «2018. Լիբանան Կ՛ընտրէ» Կարգախօսին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շնորհակալական Նամակ Մը Ստացաւ Մահմուտ Ապպասէն

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.