Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Նաւթի Պեղման Աշխատանքները Սկսելու Զոյգ Արտօնագիրները

Դեկտեմբեր 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Կառավարութիւնը անդրադարձաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին` զայն նկատելով ինքնագլուխ որոշում մը, որ միջազգային օրինականութիւն չի ներկայացներ եւ անհիմն կը նկատուի:

Նախարարաց խորհուրդը հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որուն շրջագիծին մէջ Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է, իսկ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը խաղաղութեան նախաձեռնութեան անբաժանելի մէկ մասնիկն է:

Կառավարութիւնը ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի, որ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինը ճանչցուի իբրեւ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը զօրակցի ամերիկեան որոշումին դէմ արձանագրուելիք պաղեստինեան որեւէ ինթիֆատայի:

Կառավարութիւնը դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուին նշանակեց Լեռնալիբանանի նահանգապետ, իսկ դատաւոր Քամալ Ապու Ժաուտէն` Պեքաայի նահանգապետ:

Կառավարութիւնը որոշեց ներքին ապահովութեան ուժերու շարքերուն համար 2000 արական սեռի նորակոչներ զինուորագրել, ինչպէս նաեւ վաւերացուց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերուն մէջ նաւթի պեղման աշխատանքներուն սկսելու արտօնագիրները:

Այս որոշումներուն մասին նիստէն ետք յայտարարեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի:

Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտած է, թէ Երուսաղէմի մասին Պոլսոյ մէջ նախանցեալ օր գումարուած իսլամական արտակարգ վեհաժողովին ընթացքին Լիբանան հզօր կեցուածքով ներկայացած է: Ան յայտնեց, որ իր կարծիքով` տիրող միջազգային ներկայ կացութիւնը կ՛օժանդակէ, որ Երուսաղէմի մասին տրուած ամերիկեան որոշումը ջնջուի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ցարդ ՄԱԿ-ի անդամ 14 երկիրներ մերժած են այդ որոշումը:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքին վերսկսի, որպէսզի արդիւնաւէտ գործ կատարէ:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի նիստին ընթացքին շեշտեց, որ ներկայիս միջարաբական միասնականութեան կարիք կայ` Երուսաղէմը փրկելու եւ զայն իբրեւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը պահելու իմաստով:

Ան ընդգծեց կառավարութեան որդեգրած` շրջանային տագնապներէն ինզքինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան արաբական երկիրներու հարցերուն միջամուխ պէտք չէ ըլլայ, ինչպէս նաեւ պէտք չէ արտօնէ, որ օտարները միջամուխ դառնան ներքին լիբանանեան հարցերուն եւ կամ լիբանանեան հողերը օգտագործեն շրջանային պատգամներ ուղղելու եւ միջազգային բանաձեւերը գործադրելու Լիբանանի յանձնառութիւնը խախտելու:

Վարչապետը շեշտեց, որ Լիբանանի դիմաց կայ առիթ մը, որ պէտք չէ կորսուի, այլ` պէտք է շարունակուի: Ան վերահաստատեց կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ առաջարկեց Պաղեստինի մայրաքաղաք Երուսաղէմի մէջ լիբանանեան դեսպանատուն ունենալ:

Նախորդը

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումը Ընդվզեցուցիչ Մարտահրաւէր Մըն Է»

Յաջորդը

Հայաստանի Քաղաքացիական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններ. ՀՅԴ-ի Առաջարկը Կառավարութիւնը Ընդունած Էր, Խորհրդարանն Ալ Կողմ Քուէարկեց

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?