Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երուսաղէմն Ու Պաղեստինը Պիտի Դառնան Դիմադրութեան Առանցքին Առաջնահերթութիւնները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

December 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդառաջելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչին` երէկ հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններ մասնակցելու Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի զօրակցութեան խաղաղ ցոյցին, որուն ընթացքին դատապարտուեցաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը:

Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ Իսրայէլի աւարտը ճշդող սկիզբը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի ուխտը կ՛ենթադրէ Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն նեցուկ կանգնիլ, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբութիւններուն տէր կանգնիլ ու պահպանել զանոնք, ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները:

Իր խօսքը ուղղելով պաղեստինցիներուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց. «Եթէ դուք մերժէք ամերիկեան հրահանգներուն ենթարկուիլ եւ հաստատակամութեամբ ու վճռականօրէն պնդէք, որ Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է, ապա աշխարհը չի կրնար ձեր հողերն ու Երուսաղէմը խլել ձեզմէ»:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց` ճնշում բանեցնելու արաբական կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի Իսրայէլի հետ իրենց դիւանագիտական եւ ամէն տեսակի յարաբերութիւնները խզեն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ հաշտութեան ամէն եղանակի վերջ տան: «Արաբ ազգը պէտք է դիմադրէ սիոնական գոյացութեան շահերուն նպաստող ամերիկեան ծրագիրներուն, եւ ոչ միայն պաղեստինցիները», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելէ ետք Թրամփ մեկուսացած է, եւ այդ մէկը ակներեւ է: «Արաբական լիկան եւ Իսլամական գործակցութեան վեհաժողովը պէտք է յայտարարեն խաղաղութեան գործընթացին կասեցումը: Իսկ Թրամփի կատարած յայտարարութեան պատասխանը նոր ինթիֆատայով կարելի է արտայայտել», յայտնեց ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեց տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ Երուսաղէմի յօգուտ արձանագրուող ժողովրդային բոլոր շարժումները, որոնք մերժեցին ամերիկեան որոշումը:

«Մենք Լիբանանի մէջ մնայուն կերպով զօրակցած ենք Պաղեստինի եւ պիտի շարունակենք նեցուկ կանգնիլ անոր, որպէսզի իսլամականները Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթեն, իսկ` քրիստոնեաները Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ կը պահանջէ անոնց տունդարձի իրաւունքին գործադրութիւնը` հաստատելով, որ այդ երազը մօտիկ ապագային պիտի իրականանայ:

Սէյիտ Նասրալլա իր ճառը եզրափակեց հաստատելով, որ Երուսաղէմն ու Պաղեստինը պիտի դառնան Դիմադրութեան առանցքին առաջնահերթութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շնորհակալական Նամակ Մը Ստացաւ Մահմուտ Ապպասէն

Յաջորդը

Պիլիրաքիս. «Ժամանա՛կն Է Քոնկրեսին Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Բարձրացնելու»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.