Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է կառչած մնայ իր չէզոքութեան եւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան գործադրութեան, որպէսզի կարենայ արաբական բոլոր երկիրներուն ծառայել խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ, առանց այս կամ այն առանցքին միջամուխ դառնալու:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք պիտի զօրակցին ու օժանդակեն վարչապետ Հարիրիին` հաստատելով, որ անոր պաշտօնին պահպանումը կարեւոր է եւ Լիբանանը վերակառուցելու իմաստով լիբանանցիներուն վստահութիւն կը ներշնչէ:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Պքերքէի մէջ այսօր պիտի գումարուի քրիստոնէական-իսլամական հոգեւոր վեհաժողով մը, որուն ընթացքին Երուսաղէմի մասին յստակ կեցուածք պիտի ճշդուի:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ` ընկերակցութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելի:
Հանդիպումէն ետք Ռիչըրտ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկուած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնց օգտագործումով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանին նեցուկ կանգնիլ անոր դիմագրաւած այս բարդ փուլին ընթացքին:
Ռիչըրտ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս թիւ 1701 եւ թիւ 1559 բանաձեւերը գործադրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին Հարիրիի եւ լիբանանցի քաղաքական բոլոր այն ղեկավարներուն, որոնք միաձայնութեամբ հաստատեցին Լիբանանի բարգաւաճման ու կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Ռիչըրտ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Լիբանանի նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, յատկապէս լիբանանեան բանակին զօրակցելու իմաստով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Քառնըկ»-ի կեդրոնի Միջին Արեւելքի գրասենեակին հրաւիրած խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրեն համար Լիբանանի շահերուն ապահովումը առաջադրանք է` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը փափաքող լիբանանեան քաղաքական որեւէ ուժ պէտք է կառչած մնայ ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան:
Ան հաստատեց իր համոզումը, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստ են գործակցելու` ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը գործադրելու իմաստով:
Հարիրի ըսաւ, որ Հըզպալլայի հետ տարակարծիք են արտաքին քաղաքականութեան առումով` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան ներքին շահերը պաշտպանելու նպատակով անոնք իրենց տարակարծութիւնները մէկդի կը դնեն:
Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կեցութիւն հաստատած են աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ, որոնք պէտք է վերադառնան Սուրիա:
Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ օժանդակելու համար Լիբանանի տնտեսութեան բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ պետութիւնը կարիքը ունի բանակը զինելու` շարունակելու համար ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը եւ հսկելու համար երկրին սահմաններուն:
Անդրադառնալով Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու ամերիկեան որոշումին` Հարիրի ըսաւ, որ ամբողջ աշխարհը լաւ եւ ճիշդ կերպով ընդառաջեց այդ որոշումին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր որոշումով քանդեց պաղեստինցիներուն հետ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները:
Հարիրի նշեց, որ թերեւս Միացեալ Նահանգներ կրնան Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատել, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չի փափաքիր շրջանին մէջ խաղաղութիւն տեսնել:
Իր խօսքը ուղղելով Ծոցի երկիրներուն` Հարիրի ըսաւ, որ անոնք պէտք է գիտնան, թէ Լիբանան իրենց բարեկամ երկիրն է եւ համոզուին, որ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելով կարելի է օգտակար դառնալ բոլորին: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի ստորագրէ կազի եւ նաւթի բնագաւառին վերաբերող ներդրումի առաջին համաձայնագիրը: