Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստին .  «Կը Մերժենք Օդային Մեր Տարածքի Օգտագործումը`  Արաբական Որեւէ Երկրի Դէմ Յարձակելու»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

Կառավարութեան Նիստին . «Կը Մերժենք Օդային Մեր Տարածքի Օգտագործումը` Արաբական Որեւէ Երկրի Դէմ Յարձակելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նախքան նիստը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք 55 կէտերէ բաղկացած օրակարգին շուրջ: Կառավարութիւնը սկսաւ քննարկել ելեկտրականութեան թղթածրարը, ինչ որ պիտի շարունակուի նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստին: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ վերջին 48 ժամուան ընթացքին...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Հսկող Խորհուրդ.  «Խախտումները Պիտի Արձանագրենք Եւ Զանոնք  Կցենք Իւրաքանչիւր Թեկնածուի Թղթածրարին»

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Հսկող Խորհուրդ. «Խախտումները Պիտի Արձանագրենք Եւ Զանոնք Կցենք Իւրաքանչիւր Թեկնածուի Թղթածրարին»

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նախագահ Նետիմ Ապտել Մալաք երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, զոր յղեց թեկնածուներուն եւ ընտրացանկերուն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը կը մօտենայ եւ, հակառակ խորհուրդին կողմէ կրկնուած զգուշացումներուն, քաղաքական ցեխարձակումները եւ օգտագործուած բառամթերքը տակաւին կը մնան վարկաբեկիչ եւ խոցելի: Այս շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդը կ՛արձանագրէ բոլոր ամբաստանութիւնները, վարկաբեկումներն ու լուտանքները, որոնք կը...

Պըրրի. «Կը Պահանջուի, Որ 6 Մայիսը  Վերածէք Ազգային Համերաշխութեան  Ժողովրդային Հանրաքուէի»

Պըրրի. «Կը Պահանջուի, Որ 6 Մայիսը Վերածէք Ազգային Համերաշխութեան Ժողովրդային Հանրաքուէի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սայտայի եւ Զահրանիի քաղաքապետական խորհուրդներն ու թաղապետերը, որոնցմէ պահանջեց 6 մայիսը վերածել ազգային համերաշխութեան ժողովրդային հանրաքուէի եւ ոչ թէ սովորական քուէարկութեան: Պըրրի կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն` խիտ շարքերով ուղղուելու քուէարկութեան եւ աշխարհին ու շրջանին ցոյց տալու, որ անոնք պիտի չազդուին համայնքային եւ յարանուանական բաժանում սերմանող թոյներէն եւ պիտի չներքաշուին...

Հարիրի. «Բաւական Մեծ Նուաճումներ Իրագործեցինք,  Եւ Ունինք Քաղաքական Եւ Ընտրական Յստակ Ծրագիր»

Հարիրի. «Բաւական Մեծ Նուաճումներ Իրագործեցինք, Եւ Ունինք Քաղաքական Եւ Ընտրական Յստակ Ծրագիր»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Թապաշ եւ Ժարուտի ընտանիքները, ներկայութեամբ Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի թեկնածու Ռուլա Թապաշ Ժարուտիի: Հարիրի յայտնեց, որ իր նախագահած ընտրացանկին մէջ իրեն համար ամէնէն կարեւորը Ռուլան է, որովհետեւ ինք գրաւ դրած է կնոջ վրայ` երկրին քաղաքական կեանքին եւ ընկերութեան մէջ ունենալիք հիմնական դերակատարութեան իմաստով: Հարիրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը քաղաքական եւ...

Շարլ Այուպ Ձերբակալուեցաւ Եւ Ազատ Արձակուեցաւ

Շարլ Այուպ Ձերբակալուեցաւ Եւ Ազատ Արձակուեցաւ

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի դատախազ Ղատա Աուն երէկ վճիռ արձակեց ձերբակալելու «Տիար» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շարլ Այուպը, որ Մեթնի թեկնածու Սարգիս Սարգիսի օգտին գրած էր չէք` անբաւարար գումարի հաշուոյն: Հիմնուելով դատախազ Աունի վճիռին վրայ` Այուպ ձերբակալուեցաւ: Այս լուրէն անմիջապէս ետք կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ անոր ձերբակալութեան մասին դատարանէն որոշում ստանալէ ետք, Այուպ անձնասպանութիւն փորձած է: Աւելի ուշ «Տիար» օրաթերթի իրաւաբան...

Պըրրի. «Ինքզինք Զանց Կացուցելու  Քաղաքականութիւնը Չի Նշանակեր Արտօնել,  Որ Լիբանանեան Օդային Տարածքներէն  Սուրիան Ռմբակոծումի Ենթարկուի»

Պըրրի. «Ինքզինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութիւնը Չի Նշանակեր Արտօնել, Որ Լիբանանեան Օդային Տարածքներէն Սուրիան Ռմբակոծումի Ենթարկուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ Սուրիոյ դէմ բռնարարքները, որոնք կը ծրագրուին արեւմտեան պետութիւններու կողմէ եւ կը ֆինանսաւորուին արաբական երկիրներէն: Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի օդային տարածքներու օգտագործումը լիբանանեան գերիշխանութեան բացայայտ ոտնձգութիւն է, եւ Լիբանան կը մերժէ, որ իր օդային տարածքը օգտագործուի Սուրիոյ կամ արաբական որեւէ այլ պետութեան դէմ յարձակում կատարելու: «Ինքզինք զանց...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Ընթացքին  Լիբանանեան Պետութիւնը  Պիտի Պայքարի Ամէն Տեսակի Փտածութեան Դէմ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Պայքարի Ամէն Տեսակի Փտածութեան Դէմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանան հասած Եւրոպական Միութեան դէտերու պատուիրակութեան նախագահ Էլենա Վալանսիանոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Եւրոպական Միութեան ընդառաջումը Լիբանանի կողմէ ներկայացուած այն առաջարկին, որ 6 մայիս 2018-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող միջազգային դէտեր գան Լիբանան: Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան կը յուսայ, որ երեսփոխանական...

Հարիրի. «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ընթացք Մըն Է,  Որ Սկսաւ Հռոմէն Եւ Պիտի Աւարտի Պրիւքսելի Մէջ»

Հարիրի. «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ընթացք Մըն Է, Որ Սկսաւ Հռոմէն Եւ Պիտի Աւարտի Պրիւքսելի Մէջ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքներուն: Հարիրի նշեց, որ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ գործակցութիւն է, որ կը ծառայէ Լիբանանի կայունութեան, մնայուն աճի իրագործումին եւ երիտասարդներուն աշխատանք ապահովելու կարելիութիւններուն: Հարիրի շեշտեց, որ այդ խորհրդաժողովը գործակցութիւն է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին դէմ դնելու եւ պահպանելու քաղաքացիական...

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ Դէմ  Որեւէ Յարձակում, Ի՛նչ Որ Ալ Ըլլան  Անոր Պատճառաբանութիւնները»

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ Դէմ Որեւէ Յարձակում, Ի՛նչ Որ Ալ Ըլլան Անոր Պատճառաբանութիւնները»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուշ գիշերին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոր պատճառաբանութիւնները: Ան նշեց, որ Լիբանան կը մերժէ նաեւ քիմիական որեւէ յարձակում` շեշտելով, որ Հըզպալլա բաւարար գիտակցութիւն ունի վարուելու այնպէս, ինչպէս կարելի է լաւագոյն ձեւով պաշտպանել Լիբանանը: Պասիլ ընդգծեց, որ...

Մաշնուք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Պատրաստութիւնները Գրեթէ Աւարտած Են»

Մաշնուք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պատրաստութիւնները Գրեթէ Աւարտած Են»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Մաշնուք հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստութիւնները գրեթէ աւարտած են: Ան աւելցուց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է եւ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ բարգաւաճում` նկատի ունենալով...

«Լիբանան Կը Կրէ Միջին Արեւելքի  Պատերազմներուն Հետեւանքները»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Կը Կրէ Միջին Արեւելքի Պատերազմներուն Հետեւանքները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մոնաքոյի արտաքին յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան նախարար Կիլ Թոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Մոնաքոյի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան միացեալ ծրագիրներու գործադրութեան հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը կրէ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն հետեւանքները եւ անոնց տնտեսական ժխտական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տնտեսական...

Պըրրի. «Ինչ Որ Պատահեցաւ Երուսաղէմին  Նախադրեալ Մըն Է` Զայն Դուրս Հանելու  Բանակցութիւններէն, Իսկ Այս Հարցին Լուծումը  Զինեալ Դիմադրութեամբ Կ՛ապահովուի»

Պըրրի. «Լիբանանի Տրուած Վարկերը Ծրագիրներու Վերածելու Ձեւն Է Կարեւորը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած հոգատարութիւնը` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընդմէջէն: «Ցուցաբերուած զօրակցութիւնը կը փաստէ Լիբանանի ներկայացուցած կարեւորութիւնը` ամբողջ աշխարհին համար», ըսաւ ան: Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի ստացած վարկերն ու նիւթական ներդրումները նուազ կարեւոր են, քան` տրուած այդ վարկերը ծրագիրներու վերածելու ձեւը, յատկապէս երկրի ենթակառուցուածքին մէջ ներդրումներ ապահովելու առումով: Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց խորհրդարանին...

Պարգեւատրում Ատնան Քասսարին

Պարգեւատրում Ատնան Քասսարին

Փոլ Այանեան` իբրեւ Պուրճ Համուտի վաճառականներու միութեան նախագահ, յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի առեւտրականներու միութեան նախագահ եւ նախկին նախարար Ատնան Քասսարը` իբրեւ երախտագիտութիւն առեւտրական ոլորտին մէջ անոր երկար տարիներու ծառայութեան: Քասսարի ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ դրամատուներու սեփականատէրեր, առեւտրականներ եւ հրաւիրեալներ:

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Երկրին Մէջ Տնտեսական  Բարեկարգումներու Գործադրութիւնը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Երկրին Մէջ Տնտեսական Բարեկարգումներու Գործադրութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկն ու անկէ բխած բանաձեւերը վստահութիւն ներշնչած են, եւ այդ վստահութիւնը բացայայտ կերպով դրսեւորուած է «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին: Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի ստացած վարկերուն ու նիւթական օժանդակութիւններուն...

Բանակի Հրամանատարը Քուէյթի Մէջ Քննարկեց  Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Բանակի Հրամանատարը Քուէյթի Մէջ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քուէյթ` գլխաւորելով զինուորական պատուիրակութիւն մը: Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար շէյխ Նասեր Սուպահ Ահմետ Սուպահի հետ` ներկայութեամբ քուէյթեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Խտըրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս երկու բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց լիբանանեան օդային տարածքները օգտագործելով Սուրիան ռմբակոծելու իսրայէլեան ոտնձգութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան այս իմաստով պաշտօնական բողոքագիր մը պիտի յղէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Հըզպալլայի պատկանող փոխադրակառքին թղթածրարը դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած է: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ լիբանանցիները արաբական աշխարհին հետ կը գտնուին...

«Սետր»-ի Միջազգային Խորհրդաժողովին.  Լիբանանի Տրամադրուեցան Շուրջ  11 Միլիառ Տոլարի Վարկեր  Եւ Նիւթական Օժանդակութիւն

«Սետր»-ի Միջազգային Խորհրդաժողովին. Լիբանանի Տրամադրուեցան Շուրջ 11 Միլիառ Տոլարի Վարկեր Եւ Նիւթական Օժանդակութիւն

Հիւրընկալութեամբ ֆրանսական իշխանութիւններուն, ուրբաթ, 6 ապրիլին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան եւ զարթօնքին նպատակով գումարուած «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան, որ հաստատեց, թէ Լիբանանի դէմ գործուած որեւէ չարիք Ֆրանսայի դէմ գործուած չարիք կը նկատուի` ընդգծելով, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701...

«Փտածները Պէտք Է Բացայայտուին  Եւ Հաշուետուութեան Կանչուին»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Փտածները Պէտք Է Բացայայտուին Եւ Հաշուետուութեան Կանչուին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Թէ. Վէ. 5 Մոնտ» ֆրանսական պատկերասփիւռի կայանին, «Ռատիօ Ֆրանս Էնթերնասիոնալ» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի յատկացուած վարկերն ու նիւթական օժանդակութիւնները իրենց ներդրումը պիտի ունենան Լիբանանի տնտեսութեան զարթօնքին մէջ: Ան նշեց, որ հիմնական դժուարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարն...

«6 Մայիսին Պիտի Տեսնենք  Ձեր Բազմութիւններուն  Հաւատարմութիւնը, Որ Միշտ Տապալած Է  Բոլոր Մարտահրաւէրները»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«6 Մայիսին Պիտի Տեսնենք Ձեր Բազմութիւններուն Հաւատարմութիւնը, Որ Միշտ Տապալած Է Բոլոր Մարտահրաւէրները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Կիրակի, 8 ապրիլ 2018-ին, Նապաթիէի մէջ նշուեցաւ Յաղթանակի եւ հաւատարմութեան օրը` կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի Յոյսի եւ հաւատարմութեան ընտրացանկերուն ամբողջական յաջողութիւնը ապահովելու համար: Ան նշեց, որ 6 մայիսը` ինչպէս Դիմադրութեան բոլոր օրերը, իմամ Մուսա Սատըրի օրն է, շէյխ Ռաղեպ...

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց  Սառոյցի Վրայ Սահքի Նոր Դաշտի Մը

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Սառոյցի Վրայ Սահքի Նոր Դաշտի Մը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին «Սինեմա սիթի»-ի կից «Պալուն փարքինկ»-ին մէջ բացումը կատարեց  սառոյցի վրայ սահքի նոր դաշտի մը` կազմակերպութեամբ «Եունիք» ընկերութեան եւ ներկայութեամբ ընկերային ու մարմնակրթութեան բնագաւառներու պատասխանատու անձնաւորութիւններուն: Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ այդ ծրագիրը ներդրումի յարմար ծրագիր մըն է, որ կատարուած է յարմար ժամանակին` աւելցնելով, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառը նման ներդրումներ չէ ունեցած: Ա. Կիտանեան յոյս...

Page 655 of 987 1 … 654 655 656 … 987

Արխիւներ