Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Սառոյցի Վրայ Սահքի Նոր Դաշտի Մը

April 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին «Սինեմա սիթի»-ի կից «Պալուն փարքինկ»-ին մէջ բացումը կատարեց  սառոյցի վրայ սահքի նոր դաշտի մը` կազմակերպութեամբ «Եունիք» ընկերութեան եւ ներկայութեամբ ընկերային ու մարմնակրթութեան բնագաւառներու պատասխանատու անձնաւորութիւններուն:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ այդ ծրագիրը ներդրումի յարմար ծրագիր մըն է, որ կատարուած է յարմար ժամանակին` աւելցնելով, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառը նման ներդրումներ չէ ունեցած:

Ա. Կիտանեան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան նախկինէն շատ աւելի լաւ զբօսաշրջական եղանակ մը ունենայ` նկատի ունենալով Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի պատասխանատուին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանին կատարած յայտարարութիւնները, թէ Ծոցի երկիրներու բնակիչներուն Լիբանան այցելութեան առումով պարտադրուած արգելքը պիտի ջնջուի:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ այդ յայտարարութիւնները կարեւոր նշոյլներ են` Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառը բարելաւելու իմաստով:

Ան նշեց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը օտարներ են` աւելցնելով, որ եթէ անոնք Ծոցի երկիրներուն բնակիչները ըլլան, ապա զբօսաշրջութիւնը աւելի եւս պիտի բարելաւուի:

«Կը նախատեսեմ, որ 2018-ն ըլլայ Լիբանանի զբօսաշրջական լաւագոյն տարին` նախորդ տարիներուն բաղդատած», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան բարձր գնահատեց իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ քաղաքական համախոհութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերուն գիտակցութիւնն ու հասունութիւնը` պահպանելու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը: Ան նշեց, որ Լիբանան ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ ծառայութիւններու երկիրն է, մինչեւ որ կարելի ըլլայ հասնիլ նաւթի արտահանումին:

«Մենք կը հաւատանք Լիբանանի կարողութիւններուն եւ համոզուած ենք, որ Լիբանանին ոչինչ կը պակսի, հետեւաբար ամէն գնով պիտի զօրակցինք զբօսաշրջական նախաձեռնութիւններուն», ընդգծեց Ա. Կիտանեան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«6 Մայիսին Պիտի Տեսնենք Ձեր Բազմութիւններուն Հաւատարմութիւնը, Որ Միշտ Տապալած Է Բոլոր Մարտահրաւէրները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.