ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց լիբանանեան օդային տարածքները օգտագործելով Սուրիան ռմբակոծելու իսրայէլեան ոտնձգութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան այս իմաստով պաշտօնական բողոքագիր մը պիտի յղէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Հըզպալլայի պատկանող փոխադրակառքին թղթածրարը դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ լիբանանցիները արաբական աշխարհին հետ կը գտնուին մէկ կողմէ կայունութեան ու բարգաւաճման, իսկ միւս կողմէ լարուածութեան ու թշնամանքի ընտրանքին դիմաց:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ յոյսը դատարկութենէ չէ, որ կու գայ, այլ` աշխատանքէ, հետեւողականութենէ եւ վճռակամութենէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երէկ հանդիպելէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ, յայտնեց, որ լուրջ վտանգներու դիմագրաւումը պայմանաւորուած է բարեկարգում գործադրելու կամքով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ուժերուն` արտերկրի լիբանանցիները հեռացնելու քաղաքական տագնապներէն ու լարուածութենէն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ առանց բարեկարգումի գործադրութեան կարելի չէ յուսալ, որ երկրին զարթօնքն ու ինքնավստահութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ պահանջուածը բացարձակ թափանցիկութիւնն է` յստակացնելու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ապահոված վարկերը եւ զանոնք վերադարձնելու միջոցները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի բարգաւաճումը` հաստատելով, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն եկած յատկացումները պէտք չէ անտեղի մսխել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի խոստացաւ լիբանանեան պետութիւնը համայնքային դրութենէն արդարութեան եւ հաւասարութեան դրութեան փոխադրել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ յաջորդ ընտրապայքարը ճակատագրական է` Աքքարի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալի ուղեգիծով գործելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը տնտեսական զարթօնք մը ապահովելու առիթ է եւ զայն պէտք չէ փորձանք նկատել, իսկ Լիբանանին խոստացուած վարկերը Լիբանան պիտի չհասնին` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Լիբանանի նկատմամբ դրական պատգամներ կ՛ուղղեն` աւելցնելով, որ յաջորդ փուլը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ Ծոցի երկիրներուն բացուելու փուլ մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողելու պարագային, ինք մաս պիտի կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին, որովհետեւ իրենց միջեւ դաշինքը քաղաքական է եւ ոչ թէ ընտրական:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք յոյս ունի Լիբանանը վերածելու այն երկրին, որուն բոլորը կը ձգտին: Ան աւելցուց, որ եթէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին արդիւնքներուն հետ լրջօրէն չվարուին, ապա Լիբանանի պետական գանձարկղի պարտքը պիտի հասնի 100 միլիառ տոլարի:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա վարչապետ Սաատ Հարիրիէն բաժնուեցաւ, երբ վերջինս որոշեց զօրակցիլ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ դարձնելու արշաւին: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, նշեց, որ Սինիորայի կողմէ թեկնածութիւն չդնելը պատժական միջոց մը չի նկատուիր: