Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մոնաքոյի արտաքին յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան նախարար Կիլ Թոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Մոնաքոյի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան միացեալ ծրագիրներու գործադրութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը կրէ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն հետեւանքները եւ անոնց տնտեսական ժխտական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տնտեսական տագնապին հետեւանքներն ու սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը հասած է մէկ միլիոն 850 հազարի:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մոնաքոյի` Լիբանանի տրամադրած անոր օժանդակութիւններուն համար, առողջական, կրթական թէ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ:
Իր կարգին, Թոնելլի շեշտեց, որ Մոնաքօ կը փափաքի Լիբանանի հետ իր գործակցութիւնը ամրապնդել, որպէսզի իր երկիրը առիթ ունենայ մարդասիրական, կրթական թէ առողջական մարզերուն մէջ իր փորձառութիւնը բաժնել Լիբանանի հետ: Ան հաստատեց, որ այս գործակցութենէն Մոնաքօ ոչ մէկ շահ կ՛ակնկալէ, այլեւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի առիթներ ստեղծէ եւ Լիբանանի մէջ քանի մը փոքր ծրագիր յաջողցնէ:
Հանդիպումին աւարտին Թոնելլի Մոնաքոյի իշխանին անունով նախագահ Աունը հրաւիրեց այցելելու Մոնաքօ եւ նախագահ Աունին յանձնեց Մոնաքոյի զինանշանը կրող յուշանուէր:
Թոնելլի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման, որ նախագահին յանձնեց Սահմանադրական խորհուրդի 2017-ի աշխատանքներուն տեղեկագիրը:
Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ անյայտ կորսուած եւ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք այդ թղթածրարին հետապնդումը ստանձնած է եւ իր ուսերուն առած, նախքան հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ստանձնումը: Ան նշեց, որ ինք նախապէս պահանջած է անյայտ կորսուած լիբանանցիներու անուններ եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ ընդգրկող «Ազգային տեղեկութիւններու» շտեմարան մը ստեղծել` աւելցնելով, որ ինք մօտէն կը հետեւի ազգային այս թղթածրարին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար, երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Զիատ Պարուտ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վերաբերող օրէնքի մշակման անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ դրութիւնը պիտի ըլլայ երկրին բարեկարգումին նպաստող հիմնական կէտերէն մէկը` աւելցնելով, որ ինք նախանձախնդիր պիտի մնայ, որ այդ օրէնքը վաւերացուի իր իշխանութեան օրով:



