Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ Դէմ Որեւէ Յարձակում, Ի՛նչ Որ Ալ Ըլլան Անոր Պատճառաբանութիւնները»

April 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուշ գիշերին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոր պատճառաբանութիւնները:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը մերժէ նաեւ քիմիական որեւէ յարձակում` շեշտելով, որ Հըզպալլա բաւարար գիտակցութիւն ունի վարուելու այնպէս, ինչպէս կարելի է լաւագոյն ձեւով պաշտպանել Լիբանանը:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան եւ արաբական այլ երկիրներու հարցերուն միջամուխ չի դառնար, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապի խաղաղ եւ բարւոք լուծման:

«Սուրիոյ վարչակարգը պէտք է մաս կազմէ սուրիական տագնապին բերուելիք քաղաքական որեւէ լուծման», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ արձանագրուած ներկայ հակազդեցութիւնները արագ թափով կ՛ընթանան:

Պասիլ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան պաշտօնական բողոքագիր պիտի ներկայացնէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ` աւելցնելով, որ Իսրայէլի մէջ ծայրայեղութեան եւ խենթութեան ձայնը ամէնէն բարձրը կը հնչէ:

Միւս կողմէ, Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Էլենա Վալանսիանոյի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի:

Հանդիպումէն ետք արտերկրի լիբանանցիներու հարցերով Պասիլի խորհրդատու Փասքալ Տահրուժ շեշտեց, որ քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս հսկելու կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի նշանակէ նաեւ 26 միջազգային այլ դէտեր, որոնք Լիբանանէն դուրս պիտի հսկեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Պասիլի այցելեց նաեւ Մոնաքոյի արտաքին յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան նախարար Կիլ Թոնելլին, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի եւ Մոնաքոյի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ մշակոյթի եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Տենդագին Պատրաստութիւններ` Սուրիոյ Դէմ Արեւմտեան Զինուորական Հաւանական Գործողութիւններու

Յաջորդը

Հարիրի. «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ընթացք Մըն Է, Որ Սկսաւ Հռոմէն Եւ Պիտի Աւարտի Պրիւքսելի Մէջ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.