Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սայտայի եւ Զահրանիի քաղաքապետական խորհուրդներն ու թաղապետերը, որոնցմէ պահանջեց 6 մայիսը վերածել ազգային համերաշխութեան ժողովրդային հանրաքուէի եւ ոչ թէ սովորական քուէարկութեան:
Պըրրի կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն` խիտ շարքերով ուղղուելու քուէարկութեան եւ աշխարհին ու շրջանին ցոյց տալու, որ անոնք պիտի չազդուին համայնքային եւ յարանուանական բաժանում սերմանող թոյներէն եւ պիտի չներքաշուին ներքին բախումներու մէջ:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Ապպասիէ եւ Քլայլէ գիւղաքաղաքներէն ժողովրդային պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ Թըպնինի բարձրագոյն վարժարանէն աշակերտական պատուիրակութիւն մը:



