Կիրակի, 8 ապրիլ 2018-ին, Նապաթիէի մէջ նշուեցաւ Յաղթանակի եւ հաւատարմութեան օրը` կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի Յոյսի եւ հաւատարմութեան ընտրացանկերուն ամբողջական յաջողութիւնը ապահովելու համար:
Ան նշեց, որ 6 մայիսը` ինչպէս Դիմադրութեան բոլոր օրերը, իմամ Մուսա Սատըրի օրն է, շէյխ Ռաղեպ Հարպի եւ սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր նահատակի, վիրաւորի եւ Դիմադրութեան գերեվարուած մարտիկի օրն է:
«6 մայիսին պիտի տեսնենք բազմութիւնները` համախմբուած եւ բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու ոգիով զինուած: Ձեր քուէները շնորհեցէ՛ք անոր, որ Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ եւ Դիմադրութեան կը զօրակցի, որովհետեւ Դիմադրութիւնը ձեր արժանապատուութիւնն է, գոյութեան երաշխիքը, ապահովութիւնը եւ հպարտութիւնը: Հետեւաբար հարաւային Լիբանանի բնակիչները` ինչ ալ ըլլայ անոնց համայնքային պատկանելիութիւնը, պէտք է վճռակամ ըլլան նեցուկ կանգնելու Դիմադրութեան ընտրանքին: 6 մայիսին պիտի տեսնենք ձեր բազմութիւններուն հաւատարմութիւնը, որ միշտ տապալած է բոլոր մարտահրաւէրները», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանի բնակիչները: «Անկասկած ընտրական այս հաւաքը կը միտի զօրակցութիւն յայտնել Յոյսի եւ հաւատարմութեան ընտրացանկերուն», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութեան զօրակցողներն են, որոնք յոյսը կը նկատուին ժողովուրդին` շնորհիւ իրենց համբերութեան, գոյատեւումին եւ մատուցած բոլոր զոհողութիւններուն:
Ան շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկութեամբ մասնակցելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ խորհրդարանը պետական միակ հաստատութիւնն է, որուն ներկայացուցիչները ժողովուրդին կողմէ կ՛ընտրուին, եւ որ սահմանադրութեան փոփոխութեան իրաւունք ունի` առանց ժողովրդային հանրաքուէ կատարելու:
«Հետեւաբար պէտք է քուէարկութեան մասնակցինք` կատարելու համար քաղաքացիական մեր պարտականութիւնը: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցիլ կը նշանակէ պատասխանատուութիւններէ հրաժարիլ եւ ժողովուրդին ապագան ու արժանապատուութիւնը անտեսել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութեան դէմ դաւադրութիւնները, յատկապէս Իսրայէլի կողմէ, միշտ առկայ են` շեշտելով, որ Դիմադրութեան համար լարուած մեծագոյն եւ ամէնէն վտանգաւոր ծուղակը` ներքին լիբանանեան ընդհարումն է, այլ խօսքով` լիբանանեան բանակին հետ Դիմադրութեան բախումը: Ան նշեց նաեւ, որ Սուրիոյ դէմ բռնկած պատերազմին նպատակը իր կարգին շրջանին մէջ Դիմադրութեան շարժումներու տապալումն է:
«Սիոնական գոյացութեան հետ հարցը տակաւին վերջ չէ գտած, որովհետեւ իսրայէլացին կը փափաքի լիբանանեան հողերուն վրայ շինութիւններ կառուցել եւ միշտ սպառնալ լիբանանեան գերիշխանութեան: Այս բոլորին պէտք է դիմադրել «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազով` ընտրելով Դիմադրութեան գաղափարին զօրակցողները», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Անդրադառնալով երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ երկրին վիճակը փայլուն չէ` աւելցնելով, որ համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու պարագային պիտի ստիպուին փողոց իջնել, որովհետեւ երկրին ընկերային կացութիւնը յաւելեալ ոչ մէկ տուրք կրնայ հանդուրժել:
Ան նշեց, որ Հըզպալլա պիտի շարունակէ ծառայել կառավարութեան մէջ, եւ ոչ մէկ պարագայի կառավարութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ:
Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց նաեւ Կազայի բնակիչները եւ անոնց մղած գոյատեւման պայքարը` իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ իսրայէլացիներու բռնարարքներուն դէմ:



