«Մեզի Համար 7 Մայիսը Ընտրական Խոստումներէն Եւ Կարգախօսներէն Աւելի Կարեւոր Է, Իսկ ՀՅԴ-ի Խոստումը Անոր Պատմութիւնն Է Եւ Լիբանանի Համար Անոր Տարած Աշխատանքը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին դարձաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին «Փանորամա» յայտագիրին հարցազրոյցի հիւրը: Յայտագիրը նուիրուած էր 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ յատկապէս Մեթնի ընտրաշրջանին: Երեսփոխան Բագրատունիի կողքին հրաւիրուած էին նաեւ Մեթնի մէջ քաղաքական այլ ուժերու պատկանող եւ անկախ այլ թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի հետազօտական կեդրոնի նախագահ Ապտօ Սաատը, որ կ՛անդրադառնար Մեթնի մէջ քուէարկող ուժերուն...




















