Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ընթացք Մըն Է, Որ Սկսաւ Հռոմէն Եւ Պիտի Աւարտի Պրիւքսելի Մէջ»

April 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքներուն:

Հարիրի նշեց, որ «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ գործակցութիւն է, որ կը ծառայէ Լիբանանի կայունութեան, մնայուն աճի իրագործումին եւ երիտասարդներուն աշխատանք ապահովելու կարելիութիւններուն:

Հարիրի շեշտեց, որ այդ խորհրդաժողովը գործակցութիւն է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին դէմ դնելու եւ պահպանելու քաղաքացիական անվտանգութեան ու համերաշխութեան լիբանանեան կացութաձեւը:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ առանց լիբանանեան քաղաքական համախոհութեան եւ որդեգրուած գործնական քայլերուն, «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը չի կրնար յաջողութիւն արձանագրել: «Այս համախոհութիւնը կ՛երաշխաւորէ գետնի վրայ խորհրդաժողովին արդիւնքներուն գործադրութիւնը», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի աւելցուց, որ բարեկարգումները անհրաժեշտ են, եւ իրենք պարտաւոր են իբրեւ լիբանանցիներ այդ բարեկարգումները գործադրելու, «որովհետեւ կարելի չէ առանց բարեկարգումներ գործադրելու շարունակել», աւելցուց ան:

Հարիրի ըսաւ, որ երկրին մէջ առկայ քաղաքական համախոհութիւնը ցուցանիշ է, թէ քաղաքացիին եւ երկրին շահերուն ծառայող այդ բարեկարգումները կարելի է գործադրել:

Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ ներքին լիբանանեան առումով իր առած բոլոր քայլերը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ իր կատարած բոլոր ճամբորդութիւնները կը միտին Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զանց կացուցել եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու կամ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումին մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են, հակասահմանադրական եւ հակաօրինական:

Հարիրի ընդգծեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը ընթացք մըն է, որ սկսաւ Հռոմէն եւ պիտի աւարտի Պրիւքսելի մէջ:

«Սետր»-ի խորհրդաժողովը մեր տնտեսութիւնը արդիականացնելու գործողութեան սկիզբն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ենթակառոյցին վերակառուցման եւ սեփական մարզի կարելիութիւնները գնահատելու սկիզբ մը», եզրափակեց Հարիրի:

Նախորդը

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ Դէմ Որեւէ Յարձակում, Ի՛նչ Որ Ալ Ըլլան Անոր Պատճառաբանութիւնները»

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Պայքարի Ամէն Տեսակի Փտածութեան Դէմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.