Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Պայքարի Ամէն Տեսակի Փտածութեան Դէմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանան հասած Եւրոպական Միութեան դէտերու պատուիրակութեան նախագահ Էլենա Վալանսիանոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Եւրոպական Միութեան ընդառաջումը Լիբանանի կողմէ ներկայացուած այն առաջարկին, որ 6 մայիս 2018-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող միջազգային դէտեր գան Լիբանան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան կը յուսայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ կերպով արտայայտեն լիբանանցիներուն կամքը, անոնք ըլլան ժողովրդավարական եւ կատարեալ ազատութեամբ ու համոզումով կատարուելիք ընտրութիւններ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ համամասնական ընտրական օրէնքը առաջին անգամն է, որ կը գործադրուի Լիբանանի մէջ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ընտրական նոր օրէնքի որդեգրումը Լիբանանի մէջ գործադրուած բարեկարգումներուն հիմնականն է, որովհետեւ անիկա պիտի բարելաւէ խորհրդարանին մէջ լիբանանցի ժողովուրդին ներկայացուցչութիւնը, միաժամանակ քաղաքացիին շնորհելով իր ներկայացուցիչը ընտրելու ազատութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին լիբանանեան պետութիւնը պիտի պայքարի ամէն տեսակի փտածութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ այս առումով անհրաժեշտ է ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն գործակցութիւնը ապահովել եւ տեղեկագիրներ տրամադրել Եւրոպական Միութեան դէտերուն:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին վերաբերող իրադարձութիւնները:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց խորհուրդին աշխատանքները:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ընթացք Մըն Է, Որ Սկսաւ Հռոմէն Եւ Պիտի Աւարտի Պրիւքսելի Մէջ»

Յաջորդը

Պըրրի. «Ինքզինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութիւնը Չի Նշանակեր Արտօնել, Որ Լիբանանեան Օդային Տարածքներէն Սուրիան Ռմբակոծումի Ենթարկուի»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.