Հիւրընկալութեամբ ֆրանսական իշխանութիւններուն, ուրբաթ, 6 ապրիլին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան եւ զարթօնքին նպատակով գումարուած «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան, որ հաստատեց, թէ Լիբանանի դէմ գործուած որեւէ չարիք Ֆրանսայի դէմ գործուած չարիք կը նկատուի` ընդգծելով, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Ապա խօսք առաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը երկիրը պիտի առաջնորդէ դէպի տնտեսական կայունութիւն եւ աշխատանքի հսկայական առիթներու ստեղծում:
Ան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` Լիբանանի եւ շրջանին նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոնին` Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նուիրուած միջազգային այս խորհրդաժողովը հիւրընկալելուն, ինչպէս նաեւ անոր կազմակերպումին առումով անոր դերակատարութեան համար:
«Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովի բացման նիստին յաջորդեց դռնփակ նիստ մը, որուն նախագահեց Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմտական հարցերու նախարար Պրունօ լը Մեր:
Դռնփակ նիստին ընթացքին խօսք առին խորհրդաժողովին մասնակցող 51 երկիրներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կողմը ներկայացուց երկրին տնտեսական զարթօնքը ապահովող իր ծրագիրները:
Լը Մեր ողջունեց Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու իմաստով ցուցաբերուած միջազգային աշխուժութիւնը եւ մաղթեց, որ յառաջիկային տնտեսական մակարդակի վրայ եւս կարելի ըլլայ փոխադարձ յարաբերութիւնները ամրապնդել: Ան շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի մէջ ներդրումներու եւ բարեկարգումներու զուգահեռ ընթացքին:
Այս առիթով վարչապետ Հարիրի իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ տնտեսական բարեկարգումները գործադրելու իմաստով:
«Սետր»-ի խորհրդաժողովին Լիբանանին տրամադրուեցան հետեւեալ գումարները. Միջազգային դրամատուն` 4 միլիառ տոլարի վարկ` 5 տարուան համար, Ֆրանսա` 550 միլիոն եւրօ` 4 տարուան համար, Սէուտական Արաբիա` մէկ միլիառ տոլար, Ներդրումի եւրոպական դրամատուն` 800 միլիոն եւրօ, Բարգաւաճման իսլամական դրամատուն` 750 միլիոն տոլար` 5 տարուան համար, Քուէյթ` 500 միլիոն տոլար` 5 տարուան համար, Քաթար` 500 միլիոն տոլար` 5 տարուան համար, Հոլանտա` 200-300 միլիոն եւրօ, Թուրքիա` 200 միլիոն տոլար, Եւրոպական Միութիւն` 150 միլիոն եւրօ, Գերմանիա` 120 միլիոն եւրօ եւ Միացեալ Նահանգներ` 115 միլիոն տոլար:
«Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովի աւարտին Ֆրանսայի նախագահ Էմաուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ այս խորհրդաժողովին մասնակիցները աւելի քան 11 միլիառ տոլար տրամադրեցին Լիբանանին:
Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանանին տրամադրուած այս վարկերն ու նիւթական օժանդակութիւնները ոչ մէկ իմաստ ունին, եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու չըլլայ բարեկարգումները գործադրելու, յատկապէս` երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար եւ շրջանային պայմաններուն պարտադրած անյստակ փուլին ընթացքին, Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու համար երկրին խաղաղութիւնը:
Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւնները կայանան` պահպանելու համար երկրին ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց Լիբանանի կողմէ շրջանային տագնապներուն մէջ չներքաշուելու, այլ խօսքով` ինքզինք շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան իր կառչածութիւնը:
Նշենք, որ նախքան խորհրդաժողովին աւարտը, վարչապետ Հարիրի եւ նախագահ Մաքրոն ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ` աւելցնելով, որ Լիբանանի տնտեսական կայունութեան հիմքը անոր ապահովական կայունութիւնն է:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կարգին յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը դրական էր եւ փաստ մը, որ լիբանանցիներէն բացի ուրիշներ եւս կը հաւատան Լիբանանին եւ այն իրականութեան, որ Լիբանան Եւրոպայի կայունութեան աղբիւրն է, հետեւաբար ան արժանի է օժանդակութեան:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին ողջունեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովին յաջողութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանանին ապահովութիւն եւ լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւն տրամադրուած է:
Իր կարգին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին Լիբանանի տրամադրուած են 10 միլիառ 784 միլիոն տոլարի վարկեր, ինչպէս նաեւ 800 միլիոն տոլարի նիւթական օժանդակութիւն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, թէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին բանաձեւերը շատ գեղեցիկ են` հաստատելով սակայն, որ անոնց գործադրութեան հիմքը կը մնայ բարեկարգումը:
Փարիզի իր բնակարանին մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին արդիւնքները:
Նշենք, որ խորհրդաժողովէն ետք վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին արձանագրած յաջողութեան առիթով: Ան ընդգծեց, որ «Սետր»-ի յաջողութեան հիմքը Լիբանանի քաղաքական համախոհութիւնն է, որ իր կարգին կը փաստէ, որ շնորհիւ իրեն կարելի է լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին համար նոր նուաճումներ իրականացնել: