Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փտածները Պէտք Է Բացայայտուին Եւ Հաշուետուութեան Կանչուին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ապրիլ 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Թէ. Վէ. 5 Մոնտ» ֆրանսական պատկերասփիւռի կայանին, «Ռատիօ Ֆրանս Էնթերնասիոնալ» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ:

Հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի յատկացուած վարկերն ու նիւթական օժանդակութիւնները իրենց ներդրումը պիտի ունենան Լիբանանի տնտեսութեան զարթօնքին մէջ:

Ան նշեց, որ հիմնական դժուարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարն է` նկատի ունենալով, որ փտածութիւնը տիրական ներկայութիւն է բոլոր մարզերուն մէջ, որոնք դժբախտաբար կը պաշտպանեն փտածները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ փտածները պէտք է բացայայտուին եւ հաշուետուութեան կանչուին:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց նաեւ, որ երկրին վարչական դրութեան մէջ երիտասարդներ պէտք է նշանակել` իբրեւ բարեկարգումի նախաքայլ: «Բարեկարգումը կարելի է իրագործել միայն փոփոխութեամբ, այլ խօսքով` փոխելով այն տարրերը եւ պատասխանատուները, որոնք նախապէս սխալած էին` փտածութիւն արտօնելով», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ օրինական լուծումներ կան` ինչ կը վերաբերի սահմանային քարէ պատնէշի կառուցման եւ ծովային սահմաններու խախտումներուն: Ան շեշտեց, որ օրինական այդ լուծումները պէտք է յարգել` աւելցնելով, որ այդ տագնապը պէտք չէ պատերազմի վերածուի, եթէ ՄԱԿ չկարենայ որոշ լուծումի մը յանգիլ այդ իմաստով:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ ցուցաբերած մասնակցութիւնը ցուցանիշ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումին: Ան նշեց, թէ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի բարեկամ երկիր է` աւելցնելով, որ վերջերս Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստեղծուած տագնապը հետեւանք էր գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանին կատարուած անճիշդ եւ չարամիտ խորհրդատուութեան:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստեղծուած տագնապը շրջանցուած է` աւելցնելով, որ Լիբանան կը զօրակցի Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամակցութեան Ռիատի առաջարկին, եւ իբրեւ այդպիսին Լիբանան ներկայացուցած է առաջարկ մը` դառնալու Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կեդրոնը ընդգրկող երկիր` պահպանելու համար Լիբանանի բազմազանութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ խորհրդարանի կազմին փոփոխութիւնը հաստատ է` նկատի ունենալով, որ ընտրական նոր օրէնքը առիթ կու տայ բոլորին` ներկայացուելու խորհրդարանին մէջ, ըլլան անոնք փոքրամասնութիւն թէ մեծամասնութիւն:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա իր բեռը ծանրացնող դաշնակից մը չէ` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի անդամները եւ համակիրները Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ են: «Անոնք իրենց գիւղաքաղաքներուն մէջ կ՛ապրին, Իսրայէլի հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եւ կը պաշտպանեն Լիբանանը», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութիւնը արձանագրուած է, երբ այդ պատերազմը սկսած է շրջանային տարողութիւն ստանալ եւ 84 երկրի միջամտութիւն կրել:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Հըզպալլա անշուշտ տուն պիտի դառնայ Սուրիոյ պատերազմի աւարտէն ետք, իսկ լիբանանեան իշխանութիւնները իրենց գերիշխանութիւնը պարտադրած են լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, առանց Հըզպալլայի միջամտութեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ կը վերաբերէր սուրիացի տեղահանուածները տուն վերադարձնելու Լիբանանի պահանջներուն, նախագահ Աուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ բախումները սահմանափակուած են աշխարհագրական որոշ դիրքի մը վրայ` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները անբաւարար են, եւ անոնք ուղղակի տեղահանուածներուն կը տրամադրուին` առանց լիբանանեան պետութեան միջնորդութեան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Պաշշար Ասատ ներկայիս Սուրիոյ նախագահն է, եւ Լիբանան ուրիշ ճար չունի` բացի Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցելէ: «Այսօրուան դրութեամբ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները սահմանափակ են, բայց եւ այնպէս այնքան ատեն որ Սուրիոյ նախագահը կը ներկայացնէ իշխանութեան գլուխը, ապա մենք կը ճանչնանք զինք, որովհետեւ Սուրիոյ այլ ներկայացուցիչ չկայ», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը կը նշանակէ Երուսաղէմէն հրաժարիլ: «Իր այս որոշումով, Թրամփ Երուսաղէմը նուիրեց իսրայէլացիներուն` գիտնալով հանդերձ, որ ինք իրաւունք չունի նման քայլ մը առնելու», ըսաւ Աուն:

Սիոնական գոյացութեան հետ հաշտութիւն մը գոյացնելու եւ Երուսաղէմէն հրաժարելու առումով արաբական-սէուտական համախոհութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Երուսաղէմը Պաղեստինի մէջ կ՛իյնայ եւ անիկա պաղեստինցիներուն կը պատկանի: «Այս մասին ոչ ոք իրաւունք ունի խօսելու, բացի պաղեստինցիներէն, որոնք հոն կ՛ապրին, եւ որոնց հայրենիքը հոն կը գտնուի», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ քաղաքական լարուածութիւնը տարիներէ ի վեր առկայ է, եւ ոչ ոք կը փափաքի պատերազմ բռնկեցնել: «Իսկ Իրանի հետ ստորագրուած` հիւլէական թղթածրարին վերաբերող համաձայնագիրին իմաստով Ուաշինկթընի ցուցաբերելիք մերժումը գործնական ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

«6 Մայիսին Պիտի Տեսնենք Ձեր Բազմութիւններուն Հաւատարմութիւնը, Որ Միշտ Տապալած Է Բոլոր Մարտահրաւէրները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

«Սետր»-ի Միջազգային Խորհրդաժողովին. Լիբանանի Տրամադրուեցան Շուրջ 11 Միլիառ Տոլարի Վարկեր Եւ Նիւթական Օժանդակութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?