Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Լիբանանի նկատմամբ դրական պատգամներ կ՛ուղղեն` աւելցնելով, որ յաջորդ փուլը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ Ծոցի երկիրներուն բացուելու փուլ մը: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողելու պարագային, ինք մաս պիտի կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին, որովհետեւ իրենց միջեւ դաշինքը քաղաքական է եւ ոչ թէ ընտրական: ՆԱԽԿԻՆ...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Յոյն ուղղափառ համայնքի եւ Աստուածածնայ աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 7 եւ երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 10 ապրիլին:

Փարիզի Մէջ.   Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի  Տնտեսական Օժանդակութեան  «Սետր»-ի Միջազգային Խորհրդաժողովը

Փարիզի Մէջ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Տնտեսական Օժանդակութեան «Սետր»-ի Միջազգային Խորհրդաժողովը

Փարիզի մէջ այսօր պիտի սկսի «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն ապահովել` լիբանանեան ենթակառոյցին մէջ ներդրումներ կատարելու եւ աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելու առումով: «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Փարիզ, ուր պիտի նախագահէ խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան: Փարիզ ուղղուեցան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Միւս կողմէ, նշենք,...

«Հայկական Հարցը Իրաւացի Է, Հայաստանը`  Իրաւատէր, Իսկ Օսմանցիները`  Դէպի Յաւելեալ Լարուածութիւն»   Շեշտեց Ժոզեֆ Ապու Ֆատել

«Հայկական Հարցը Իրաւացի Է, Հայաստանը` Իրաւատէր, Իսկ Օսմանցիները` Դէպի Յաւելեալ Լարուածութիւն» Շեշտեց Ժոզեֆ Ապու Ֆատել

Քաղաքական վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել «Տիար» օրաթերթին մէջ գրած  է յօդուած մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը նկարագրէ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղ սուլթան, հաստատելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Հայ դատի իրաւացիութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայութեան իրաւատէրի ճշմարտութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժոզեֆ Ապու Ֆատելի յօդուածը`...

«Իսրայէլեան Սպառնալիքները Պատերազմական  Գործողութիւններ Են, Որոնք  Լիբանանի Կողմէ Խիստ Մերժելի Են»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Իսրայէլեան Սպառնալիքները Պատերազմական Գործողութիւններ Են, Որոնք Լիբանանի Կողմէ Խիստ Մերժելի Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու է երկրին հարաւային սահմանները ամրապնդելու, որովհետեւ Լիբանան խաղաղութեան հաւատացող երկիր մըն է, որ կը մերժէ պատերազմը: «Այս իմաստով Լիբանանի դէմ արձակուած իսրայէլեան սպառնալիքները պատերազմական գործողութիւններ են, որոնք Լիբանանի...

Մաշնուք Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն  Ցուցմունքներ Տուաւ` Ընտրութիւններուն Նախօրեակին  Ապահովական Միջոցառումները Ամրապնդելու

Մաշնուք Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Ցուցմունքներ Տուաւ` Ընտրութիւններուն Նախօրեակին Ապահովական Միջոցառումները Ամրապնդելու

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախագահեց Ներքին ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 6 մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւնները ապահով մթնոլորտի մէջ կայացնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը: Մաշնուք ապահովական կառոյցներու պետերուն ցուցմունքներ տուաւ` ընտրութիւններու նախօրեակին ապահովական միջոցառումները ամրապնդելու, յատկապէս ընդգծելով ընտրակաշառքները բացայայտելու եւ յանցագործները դատական իշխանութիւններուն յանձնելու կարեւորութիւնը: Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը...

Ֆրենժիէ. «Ինքզինքս Ոչ Ոքի Կը Պարտադրեմ,  Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Իմ Վրաս Ինքզինք Պարտադրել»

Ֆրենժիէ. «Ինքզինքս Ոչ Ոքի Կը Պարտադրեմ, Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Իմ Վրաս Ինքզինք Պարտադրել»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Սաութէլ Ղատ»-ի եւ այլ ձայնասփիւռի կայաններու լրագրողներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ քաղաքական այլ կողմ մը ջնջել կամ չէզոքացնել: Ան նշեց, որ իրենք իրենց ուղեգիծով հաստատ քայլերով կը յառաջանան` աւելցնելով, որ աւատապետական կարգերը քննադատող կողմերը նոյն սխալին մէջ կ՛իյնան: Ան ըսաւ, թէ ներկայ ընտրական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն կապուած խնդիրներ: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ 6 մայիսը երեսփոխանական ընտրութեան օր չէ, այլ` հանրաքուէի: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր...

Կառավարութիւնը Կառչած Կը Մնայ  Ընտրութիւններուն Հսկողութեան  Եւ Անոնց Բծախնդրութեան Պաշտպանութեան

Կառավարութիւնը Կառչած Կը Մնայ Ընտրութիւններուն Հսկողութեան Եւ Անոնց Բծախնդրութեան Պաշտպանութեան

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 81 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է իր ճշդած օրակարգը` աւելցնելով, որ օրակարգէ դուրս քննարկուած են Քատիշայի կոյուղիներուն թղթածրարն ու Մոնտիալ 2018-ի խաղերը Լիբանանի մէջ սփռելու իրաւունքը ապահովելու հոլովոյթը: Ռիաշի նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Վերատեսութեան  Ենթարկելու Տուրքերու Օրէնքը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Վերատեսութեան Ենթարկելու Տուրքերու Օրէնքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տուրքերու միութեան նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Հիշամ Մաքմալի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու տուրքերու օրէնքը, որ Լիբանանի անկախութենէն ի վեր կը գործադրուի երկրին մէջ: Ան շեշտեց տուրքերու կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` գրաւելու համար օտար դրամագլուխներու եւ ներդրումներու ուշադրութիւնը` բարելաւելու եւ աշխուժացնելու համար Լիբանանի արդիւնաբերական մարզը: Նախագահ Աուն...

Պըրրի Զգուշացուց Լիբանանի Դէմ  Բռնարարքներ Գործելու  Իսրայէլեան Սպառնալիքներէն

Պըրրի Զգուշացուց Լիբանանի Դէմ Բռնարարքներ Գործելու Իսրայէլեան Սպառնալիքներէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց զգուշանալու Լիբանանի դէմ բռնարարքներ գործելու իսրայէլեան սպառնալիքներէն, յատկապէս վերջերս Պէյթ Եահունի մէջ ինկած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի դէպքէն ետք: Հանդիպումին ներկայ գտնուող երեսփոխանները յայտնեցին նաեւ, որ Պըրրի այս մտահոգութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է միջազգային հեղինակութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ`...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կ՛ողջունէ  Լիբանանի Զօրակցութեան Խորհրդաժողովները  Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Վարկերը Տրամադրելու  Արդիւնաբերական Ծրագիրներուն

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Լիբանանի Զօրակցութեան Խորհրդաժողովները Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Վարկերը Տրամադրելու Արդիւնաբերական Ծրագիրներուն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ խորհրդաժողովները, որոնք կը փաստեն Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն հոգատարութիւնը: Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ իրենք երախտապարտ են այդ պետութիւններուն օժանդակութեան համար: Խորհուրդը միաժամանակ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան Լիբանանի տրամադրուած վարկերը յատկացնելու արդիւնաբերական ծրագիրներու, որպէսզի անոնք պետական գանձարկղին համար նիւթական...

Եաագուպ Սարրաֆ. «Իսրայէլն Է, Որ Չի Յարգեր  Լիբանանի Գերիշխանութիւնն  Ու Միջազգային Բանաձեւերը»

Եաագուպ Սարրաֆ. «Իսրայէլն Է, Որ Չի Յարգեր Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Միջազգային Բանաձեւերը»

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լիբանանի դէմ գործած իր յարձակումով` լիբանանեան հողերուն վերեւ ղրկած անօդաչու թռչող սարքով, փաստեց, որ խաղաղութեան մշակոյթ եւ խաղաղութիւն հաստատելու կամք չունի: «Հետեւաբար Նեթանիահու ջրեց անցեալ ամսուան ընթացքին Միւնիխի մէջ գումարուած ապահովական խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր կեցուածքը», ըսաւ Սարրաֆ: Սարրաֆ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ յաճախ կրկնուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ Իսրայէլն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը «ՊԻԻՆ» ընկերութեան հետ պիտի խորհրդակցի, որպէսզի կարենայ «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի կայանէն Մոնտիալ 2018-ի խաղերը սփռելու իրաւունք ապահովել: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ Լիբանանը եւ իր ելեւմտական իրավիճակը փլուզումէ շատ աւելի հեռու են: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 98 եւ 95 օքթան պենզինի...

Նախագահ Աուն Արաբական Վեհաժողովի  Մասնակցութեան Հրաւէրը Ստացաւ Պուխարիէն

Նախագահ Աուն Արաբական Վեհաժողովի Մասնակցութեան Հրաւէրը Ստացաւ Պուխարիէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին: Պուխարի նախագահ Աունին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին յղած հրաւէրը` ներկայ գտնուելու Զահրանի մէջ 15 ապրիլին տեղի ունենալիք 29-րդ Արաբական վեհաժողովին: Սալման պըն Ապտել Ազիզ իր հրաւէրին մէջ նշած էր, որ այդ խորհրդաժողովին նախագահ Աունի անձամբ ներկայութիւնը...

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին` ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղի: Պքերքէի մէջ Հարիրի առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Ռայիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի դարձաւ Ռայի պատրիարքի ճաշի հիւրը: Պքերքէէն մեկնումի պահուն վարչապետը յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Հռոմի եւ Փարիզի խորհրդաժողովներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական...

Վարչապետ Հարիրի Մինա Հոսնի Մէջ Պաշտօնական  Բացումը Կատարեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ  Թագաւորի Անուան Պողոտային

Վարչապետ Հարիրի Մինա Հոսնի Մէջ Պաշտօնական Բացումը Կատարեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորի Անուան Պողոտային

Երէկ երեկոյեան Մինա Հոսնէն Զէյթունա Պէյ երկարող պողոտան պաշտօնական արարողութեամբ մը անուանուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին անունով: Վարչապետ Սաատ Հարիրի հովանաւորեց պողոտային բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան սէուտցի թագաւորական պատուիրակ Նիզար Օլուլա, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա, Լիբանանեան...

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով`  Պըրրի Շնորհաւորեց Նախագահ  Աունն Ու Ռայի Պատրիարքը

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով` Պըրրի Շնորհաւորեց Նախագահ Աունն Ու Ռայի Պատրիարքը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Ամին Ժեմայէլի, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Միւս կողմէ, երէկ Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Պըրրիի...

Մաշնուք. «Խորհրդարանի Նախագահին  Վերընտրութիւնը Քննարկումի Կարիք Չունի»

Մաշնուք. «Խորհրդարանի Նախագահին Վերընտրութիւնը Քննարկումի Կարիք Չունի»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերընտրութիւնը քննարկումի կարիք չունի` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին այս կեցուածքը կը բաժնէ` հաստատելով Պըրրիի հայրենասիրութիւնը: Մաշնուք ըսաւ, թէ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի մէջ արձանագրուելիք ընտրապայքարը աթոռի պայքար չէ, այլ` մայրաքաղաքին արաբականութեան եւ քաղաքական ինքնութեան պայքարը: «Պէյրութ հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր արաբական...

«Երկրին Ապահովութիւնը Բաւական Կայուն Է,  Եւ Կը Մերժենք Ներքին Լիբանանեան Հարցերուն  Օտար Պետութիւններուն Միջամտութիւնը»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Երկրին Ապահովութիւնը Բաւական Կայուն Է, Եւ Կը Մերժենք Ներքին Լիբանանեան Հարցերուն Օտար Պետութիւններուն Միջամտութիւնը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը քաղաքական շրջագիծին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եղած է առաջին անձնաւորութիւնը, որ ապահովական կայունութիւնը առնչած է քաղաքական կայունութեան: Ան աւելցուց, որ ասիկա վերածուած է այնպիսի տեսութեան, որուն շրջագիծին մէջ կը գործեն բոլորը: Իպրահիմ շեշտեց, որ քաղաքական որեւէ լարուածութիւն կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ...

Page 656 of 987 1 … 655 656 657 … 987

Արխիւներ