Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ինքզինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութիւնը Չի Նշանակեր Արտօնել, Որ Լիբանանեան Օդային Տարածքներէն Սուրիան Ռմբակոծումի Ենթարկուի»

April 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ Սուրիոյ դէմ բռնարարքները, որոնք կը ծրագրուին արեւմտեան պետութիւններու կողմէ եւ կը ֆինանսաւորուին արաբական երկիրներէն:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի օդային տարածքներու օգտագործումը լիբանանեան գերիշխանութեան բացայայտ ոտնձգութիւն է, եւ Լիբանան կը մերժէ, որ իր օդային տարածքը օգտագործուի Սուրիոյ կամ արաբական որեւէ այլ պետութեան դէմ յարձակում կատարելու:

«Ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը չի նշանակեր արտօնել, որ լիբանանեան օդային տարածքներէն Սուրիան ռմբակոծումի ենթարկուի», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ այս պարագային ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան կոչ ուղղող կողմերը կը նպաստեն Սուրիոյ դէմ բռնարարքներու գործադրութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ կէսօրին Մսայլեհի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ տիրող ներկայ կացութեան եւ ընդհանուր իրավիճակին: Պըրրի յայտնեց, որ Սուրիան թիրախ դարձնող որեւէ զինուորական գործողութեան առաջին զոհերը պիտի ըլլան շրջանին կայունութիւնն ու միասնականութիւնը, «անկախ այն իրողութենէն, որ սուրիացի մեր եղբայրներուն հաշուոյն արիւնահեղութիւն պիտի գործուի, իսկ քանդումն ու տեղահանութիւնը պիտի հասնին իրենց գագաթնակէտին», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը արաբներուն կողմէ ֆինանսաւորուած պիտի ըլլայ, իսկ այդ պատերազմին հետեւանքները քանդիչ պիտի ըլլան` արաբական երկիրներուն եւ պետութիւններուն համար:

Պըրրի նշեց, որ գրաւը կը մնայ պատերազմի սեմին մնալու ընտրանքին վրայ` մաղթելով, որ բարին յաղթէ չարին:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ Սայտայի Աւետարանական վարժարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ ինք վստահ է, որ Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը պիտի չխանգարուին, որովհետեւ լիբանանցի բոլոր ղեկավարները` ըլլան անոնք իսլամ թէ քրիստոնեայ, կը հաւատան Լիբանանի ազգային միասնականութեան ու ազգային գոյակցութեան անհրաժեշտութեան:

Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնքին` Պըրրի յայտնեց, որ գաւառներու հիման վրայ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի գործադրութիւնը բաժնուածը աւելի եւս մասնատելու համազօր է: Ան նշեց, որ համամասնական դրութիւնը պէտք է որդեգրել ամբողջ Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:

Ան նշեց, որ յաջորդ փուլը պէտք է ըլլայ ընտրական օրէնքի բարեկարգումը, այսինքն` համամասնական օրէնքը կիրարկելու ամբողջ Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի, այլապէս ընտրական այս օրէնքի գործադրութիւնը Լիբանանի համար շատ վնասակար պիտի ըլլայ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց նաեւ ծրագրաւորումի նախարարութեան հաստատումը` զայն անհրաժեշտ նկատելով փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարին եւ բարեկարգումի իրագործումին համար:

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Պայքարի Ամէն Տեսակի Փտածութեան Դէմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն` Արցախի Մէջ Լիբանանահայ Գործարար Շրջանակներու Մասնակցութեամբ Տնտեսական Ֆորում Կազմակերպելու Շուրջ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.