Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պատրաստութիւնները Գրեթէ Աւարտած Են»

Ապրիլ 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Մաշնուք հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստութիւնները գրեթէ աւարտած են: Ան աւելցուց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է եւ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ բարգաւաճում` նկատի ունենալով «Սետր»-ի խորհրդաժողովին արդիւնքները:

Իր կարգին, Ռիչըրտ յայտնեց, որ պէտք է Լիբանանը հեռու պահել շրջանին մէջ տիրող զարգացումներէն եւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ռիչըրտ անհրաժեշտ նկատեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն գոյացած գումարները օգտագործուին` ամրապնդելու համար երկրին ներդրումները, ինչպէս նաեւ պահպանելու լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնն ու անոնց տնտեսութեան բարգաւաճումը` գործադրելով պահանջուած բարեկարգումները եւ ամրապնդելով թափանցիկութիւնը:

Ռիչըրտ վերահաստատեց Լիբանանի եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու իմաստով Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:

Միւս կողմէ, Մաշնուք յայտնեց, որ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հաստատուած է յատուկ գործողութիւններու սենեակ մը, որուն ընդմէջէն երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրը` կիրակի, 6 մայիս 2018-ին, աշխատանքը պիտի համադրուի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ` բողոքի, անմիջական գործնական քայլերու եւ ապահովական որեւէ խախտում հակակշիռի տակ առնելու նպատակով:

Մաշնուք նշեց, որ յատուկ գործողութիւններու սենեակը պիտի ըլլայ նահատակ Ուիսամ Հասանի անունով: Այդտեղ աշխատանքը պիտի սկսի 26 ապրիլ 2018-ին եւ աւարտի 7 մայիս 2018-ին:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ Եւրոպական Միութեան 24 միջազգային դէտեր հասան Պէյրութ` հետեւելու եւ հսկելու երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներու, ընտրական ընդհանուր հոլովոյթին եւ ընտրութիւններու ընթացքին:

Կը նախատեսուի, որ 6 մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկեն 100 միջազգային դէտեր, որոնք պարբերաբար պիտի հասնին Պէյրութ:

Նախորդը

«Լիբանան Կը Կրէ Միջին Արեւելքի Պատերազմներուն Հետեւանքները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Փաշազատէ. «Հայերը Անէծք Են Ազրպէյճանի Գլխուն»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?