Փոլ Այանեան` իբրեւ Պուրճ Համուտի վաճառականներու միութեան նախագահ, յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի առեւտրականներու միութեան նախագահ եւ նախկին նախարար Ատնան Քասսարը` իբրեւ երախտագիտութիւն առեւտրական ոլորտին մէջ անոր երկար տարիներու ծառայութեան:
Քասսարի ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ դրամատուներու սեփականատէրեր, առեւտրականներ եւ հրաւիրեալներ: