Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Երկրին Մէջ Տնտեսական Բարեկարգումներու Գործադրութիւնը

April 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկն ու անկէ բխած բանաձեւերը վստահութիւն ներշնչած են, եւ այդ վստահութիւնը բացայայտ կերպով դրսեւորուած է «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին:

Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի ստացած վարկերուն ու նիւթական օժանդակութիւններուն զուգահեռ երկրին մէջ պէտք է որդեգրուին ու գործադրուին տնտեսական բարեկարգումներ:

Քանաան հաստատեց, որ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ այդ բարեկարգումները գործադրելու եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը կը նկատէ արդիւնաբեր տնտեսութեան համար:

Քանաան հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները զիրենք պէտք չէ դէպի սխալ ուղիներ առաջնորդեն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը 2018-ի պետական ամավարկով քաղաքացիները ազատած են յաւելեալ տուրքերէ, որովհետեւ երկիրը տնտեսական դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի, եւ ոչ թէ ընտրութիւններուն նախօրեակին, ընտրական կաշառք կը նկատուի` տրուած ժողովուրդին:

Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան օրով քաղաքացիին վրայ ոչ մէկ ճնշում պիտի բանեցուի: «Անցեալի ճնշում բանեցնելու օրերը վերջ գտած են, եւ ոչ ոք կամ ոեւէ պատասխանատու պէտք չէ վախցնէ քաղաքացին, որովհետեւ դատական իշխանութիւնները իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն` պաշտպանելու համար ընտրողին ազատութիւնը», ըսաւ ան:

Քանաան մաղթեց, որ 6 մայիս 2018 ըլլայ ժողովրդավարութեան իսկական օրինակը ներկայացնելու առիթ մը, որուն ընթացքին քուէարկութիւն պիտի կատարուի` առանց քաղաքացիին կամ քուէարկողին ուղղութիւնը շեղելու:

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Քուէյթի Մէջ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Պարգեւատրում Ատնան Քասսարին

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.