Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստին . «Կը Մերժենք Օդային Մեր Տարածքի Օգտագործումը` Արաբական Որեւէ Երկրի Դէմ Յարձակելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք 55 կէտերէ բաղկացած օրակարգին շուրջ:

Կառավարութիւնը սկսաւ քննարկել ելեկտրականութեան թղթածրարը, ինչ որ պիտի շարունակուի նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստին:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ վերջին 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուած շրջանային իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն, որոնց շրջագիծին մէջ ան յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժին կողմէ Լիբանանի օդային տարածքներուն օգտագործումը երկրին գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն, որ Իսրայէլ Լիբանանի օդային տարածքը օգտագործէ` արաբական որեւէ երկրի դէմ յարձակելու նպատակով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոքագիր մը պիտի ներկայացնէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ:

13 ապրիլին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դառն յիշատակին նախօրեակին, նախագահ Աուն անդրադարձաւ անյայտ կորսուած լիբանանցիներու թղթածրարին` աւելցնելով, որ ինք քանի մը օր առաջ ընդունած է անյայտ կորսուած լիբանանցիներու ընտանեկան պարագաները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հաստատած, որ իրենց զաւակներուն ճակատագիրին մասին տեղեկութիւն ունենալու ամբողջական իրաւունք ունին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ երբ Շաքիպ Քըրթպաուի արդարութեան նախարար էր` հրապարակուեցաւ օրէնք մը` անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող ազգային յանձնախումբ մը կազմակերպելու միտող:

Նախագահ Աուն արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիէն պահանջեց ազգային եւ մարդկային այդ թղթածրարին վերջնական լուծում մը ապահովող պատկերացում մը ներկայացնել կառավարութեան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ կառավարութեան նիստին քննարկելիք օրակարգին` շեշտելով, որ օրակարգին բովանդակութիւնը հարուստ է այնպիսի կէտերով, որոնք պէտք է վաւերացուին:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ շրջանային իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ Լիբանանը պէտք է զանց կացուցել հաւանական որեւէ հարցէ, որ կրնայ շրջանային զարգացումներուն հետեւանք ըլլալ:

Ապա ան ակնարկեց «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքներուն` հաստատելով, որ անիկա յաջող էր եւ Լիբանանի համար շահաւէտ. ըստ անոր, խորհրդաժողովին արդիւնքները փաստեցին Լիբանանին եւ ցարդ կառավարութեան իրագործումներուն հանդէպ Միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի համար իրագործուած նուաճումները բոլորին կը պատկանին եւ ոչ միայն քաղաքական այս կամ այն կողմին: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը ներկայացուցած է այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ուսումնասիրուած են Միջազգային դրամատան եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:

Ապա Հարիրի անդրադարձաւ առաջարկուած բարեկարգումներուն` հաստատելով, որ անոնց գործադրութիւնը պիտի ծառայէ Լիբանանի շահերուն եւ պիտի դիւրացնէ համաձայնութիւն ստացած ծրագիրներուն գործադրութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ այդ բարեկարգումները կարեւոր են` փտածութեան եւ մսխումի դէմ պայքարը շարունակելու: Ան կառավարութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական ներկայացուցիչներէն պահանջեց փտածութեան եւ մսխումի դէմ պայքարելու նպատակով բարեկարգումի առաջարկներ ներկայացնել` մեկնելով այդ պայքարը սկսելու անհրաժեշտութենէն:

Հարիրի ընդգծեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին յաջողութիւնը բոլորին, եւ ոչ թէ քաղաքական որոշ կողմի մը կամ Սաատ Հարիրիին յաջողութիւնն է:

Ան նշեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին իբրեւ արդիւնք ապահովուած եւ յայտարարուած 11,5 միլիառ տոլարի գումարը գոյացած ամբողջական գումարը կարելի չէ նկատել, որովհետեւ տակաւին կան երկիրներ, ինչպէս` Չինաստանն ու Ճափոնը, որոնք կ՛ուսումնասիրեն շարք մը ծրագիրներ, որոնց մասին իրենց յանձնառութիւնը աւելի ուշ կրնան յայտնել:

Հարիրի վերահաստատեց բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Հսկող Խորհուրդ. «Խախտումները Պիտի Արձանագրենք Եւ Զանոնք Կցենք Իւրաքանչիւր Թեկնածուի Թղթածրարին»

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեան. «Կառավարութիւնը Կը Կատարէ «Ազգ-Բանակ» Հայեցակարգը Կեանքի Կոչելու Չորրորդ Կարեւոր Քայլը»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.