Լիբանանեան

Նայիմ Քասեմ. «Նախագահ Աուն Լիբանանի  Կայունութեան Առաջնահերթ Երաշխիքն Է»

Նայիմ Քասեմ. «Նախագահ Աուն Լիբանանի Կայունութեան Առաջնահերթ Երաշխիքն Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է կառավարութեան կազմութեան` պաշտպանելու համար Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներուն շահերը: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը բոլորին վնաս կը հասցնէ, եւ կոչ ուղղեց բոլորին կառավարութեան ընդմէջէն քաղաքական կամ ժողովրդային չափ չցուցադրելու, որովհետեւ կառավարութիւնը ցուցասրահ կամ ձգտումներու անցք մը չէ: Քասեմ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` շեշտելով, որ...

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Անել Վիճակի Մատնուած Է,  Իսկ Սուրիոյ Հետ Ապահովական  Գործակցութիւնը Անխուսափելի Է»

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Անել Վիճակի Մատնուած Է, Իսկ Սուրիոյ Հետ Ապահովական Գործակցութիւնը Անխուսափելի Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով իրենց լուրջ առաջարկ չէ ներկայացուած: «Մենք երեք տիւրզի նախարար կը պահանջենք, եւ երբ այս մասին մեզի հետ լուրջ խօսակցութիւն կատարուի, ապա մանրամասնութիւնները կը քննարկենք: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած արդիւնքներու համեմատութեան համաձայն, մենք կը պահանջենք կշիռ ներկայացնող նախարարութիւն մը», ըսաւ Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան...

Իսրայէլ Քաց. «Նասրալլա Կրակով Կը Խաղայ,  Իսկ Եթէ Մեր Վրայ Յարձակում  Գործէ` Լիբանան Պիտի Նահանջէ»

Իսրայէլ Քաց. «Նասրալլա Կրակով Կը Խաղայ, Իսկ Եթէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործէ` Լիբանան Պիտի Նահանջէ»

Իսրայէլի փոխադրութեան հարցերու եւ գաղտնի սպասարկութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իսրայէլեան «Մաարիվ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Իրան վերջ տայ Սուրիոյ արդիական զէնքեր ու հրթիռներ հայթայթելու իր արշաւին, ապա շիի միլիսներ պիտի չհամարձակին սպառնալ Իսրայէլի, իսկ Սուրիոյ մէջ գործող Հըզպալլային զէնք պիտի չհասնի: «Եթէ Իրանի առաջնորդած այս քանդիչ դերակատարութիւնը կանգ առնէ, ապա Իսրայէլ պիտի կասեցնէ Սուրիոյ դէմ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեք, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց 24 սեպտեմբեր 2018-ին Մարժահինի մէջ նահատակուած յիսնապետ Քասեմ Ուեհպէի ընտանիքին: ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ բնակարանային վարկերուն յաւելեալ գումարներու տրամադրումը պիտի վերսկսի 2019-ի սկիզբը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը կը մնայ անփոփոխ, իսկ մազութի...

Խորհրդարանը Շարունակեց Վաւերացնել  Օրինագիծերը, Սակայն Գիշերային Նիստը  Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Խորհրդարանը Շարունակեց Վաւերացնել Օրինագիծերը, Սակայն Գիշերային Նիստը Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին շարունակեց գումարել իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր: Ցերեկային նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց երկրի առողջապահական մարզի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ճանապարհաշինութեան եւ աշխատաւորներու յատուկ ծրագիրի գործադրութեան նպատակով Կառուցումի եւ շինարարութեան միջազգային դրամատան տրամադրած վարկերու համաձայնագիրները: Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ կառավարութեան իրաւունքը` մաքսային մարզի...

Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ  ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր Ժողովի Բացման Նիստին

Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր Ժողովի Բացման Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի արտասանէ Լիբանանի պաշտօնական խօսքը: Նախագահ Աուն երէկ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման նիստին: Նշենք, որ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նախագահ Աուն շարունակեց արաբ եւ օտար պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութեան հետ` ներկայութեամբ կազմակերպութեան...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու  Արտակարգ Կացութեան Սեղմ Կառավարութիւն Մը`  Անկախ Երեսփոխանական Պլոքներէն

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Արտակարգ Կացութեան Սեղմ Կառավարութիւն Մը` Անկախ Երեսփոխանական Պլոքներէն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը սկսելուն անցած են չորս ամիսներ եւ երեսփոխանական պլոքներէն ոչ ոք կը զիջի իր պահանջներէն: Ան այս ընթացքը որակեց ամօթալի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան տակաւին նոր դուրս եկած է «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն, ուր մեծ թիւով խոստումներ տրուած են եւ բարեկարգումի յանձնառութիւններ ստանձնուած` միջազգային...

lebanese-army

Սարրաֆ Կը Գուժէ Յիսնապետ Քասեմ Մոհամետ Ուեհպէի Նահատակութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Հերմելի Մարժահին շրջանին մէջ բանակի շրջուն ջոկատին կողմէ թմրեցուցիչի մաքսանենգներ հետապնդելու ընթացքին բանակայիններու ջոկատը ենթարկուած է կրակոցի, որուն պատճառով նահատակուած է բանակային մը` յիսնապետ Քասեմ Մոհամետ Ուեհպէ, եւ վիրաւորուած են վեց ուրիշներ: Բանակը յաւելեալ ուժերով հզօրացուցած է իր դիրքերը` շարունակելու համար բոլոր օրինազանցներուն հետապնդումը: Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ հաստատեց, որ...

Ֆիլատելֆիոյ Մէջ.  «Միտըլ Իսթ»-ի Պատմութիւնը Շինծու Է  Եւ Կ՛արժէ, Որ Այդ Մասին Հետաքննութիւն  Բացուի Ու Հաշուետուութիւն Կատարուի»   Շեշտեց Պասիլ

Ֆիլատելֆիոյ Մէջ. «Միտըլ Իսթ»-ի Պատմութիւնը Շինծու Է Եւ Կ՛արժէ, Որ Այդ Մասին Հետաքննութիւն Բացուի Ու Հաշուետուութիւն Կատարուի» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Ֆիլատելֆիոյ Մար Մարուն եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ` ներկայութեամբ Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Մաժտի Ռամատանի: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին Նիւ Եորք ճամբորդութեան վերաբերող «Միտլ Իսթ»-ի պատմութիւնը շինծու է եւ կ՛արժէ, որ այդ մասին հետաքննութիւն բացուի ու հաշուետուութիւն կատարուի: Պասիլ նշեց, որ երբ իշխանութեան Ա. պետին...

Միրէյ Աուն – Հաշեմ. «Կառավարութեան  Կազմութեան Թնճուկը Անոր Չափանիշներուն  Շուրջ Անհամաձայնութեան Մէջ Կը Կայանայ»

Միրէյ Աուն – Հաշեմ. «Կառավարութեան Կազմութեան Թնճուկը Անոր Չափանիշներուն Շուրջ Անհամաձայնութեան Մէջ Կը Կայանայ»

Հանրապետութեան նախագահութեան Ա. խորհրդական եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Միրէյ Աուն - Հաշեմ յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լայն փորձառութիւն ունի: «Մենք կը վստահինք անոր, որովհետեւ ան ծանօթ է իր ընդարձակ եւ խոր ըմբռնումներով` նախքան որեւէ որոշում տալը կամ կեցուածք ճշդելը: Սակայն ան ունի սկզբունքներ, որոնցմէ չի հրաժարիր: Ըստ Թաէֆի համաձայնագիրին, հանրապետութեան նախագահն է իրաւարարը...

Վերջին Ժամ.  Յարձակում` Բանակային Շրջուն Ջոկատի Մը Վրայ

Վերջին Ժամ. Յարձակում` Բանակային Շրջուն Ջոկատի Մը Վրայ

Երէկ կէս գիշերին լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատ մը Հերմելի Մարժահին շրջանին մէջ ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակումի մը, որուն յաջորդեցին բախումներ զինեալներուն եւ բանակայիններուն միջեւ: Զինեալ միջադէպը տեղի ունեցաւ այն բանէն ետք, երբ լիբանանեան բանակը ձերբակալեց Հ. Մ. Հ. սկզբնատառերով անունը կրող պահանջուած մը: Պեքաայի մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը հաղորդեց, որ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով արձանագրուած են վիրաւորներ:

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր,  Որոնցմէ Կարեւորագոյնը Եղաւ Աղբերու Հարցի  Համապարփակ Տնօրինումի Օրինագիծը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր, Որոնցմէ Կարեւորագոյնը Եղաւ Աղբերու Հարցի Համապարփակ Տնօրինումի Օրինագիծը

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր: Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ժամանակաշրջանին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ գումարելու մասին ակնարկութիւններուն Պըրրի պատասխանեց ըսելով, որ խորհրդարանը սահմանադրութեան թիւ 69-րդ յօդուածին համաձայն իրաւունք ունի իր օրէնսդրական նիստերը գումարելու: Ցերեկային եւ գիշերային նիստերուն ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը...

Նիւ Եորքի Մէջ.  Սիսի Լիբանանի Նկատմամբ Եգիպտոսի  Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Նախագահ Աունին

Նիւ Եորքի Մէջ. Սիսի Լիբանանի Նկատմամբ Եգիպտոսի Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Նախագահ Աունին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի, կը գտնուի Նիւ Եորք` նախագահելու համար ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, մաղթեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութիւնը ըլլայ առիթ մը` լիբանանեան կեցուածքները ներկայացնելու աշխարհի ղեկավարներուն: Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ անոր շրջակայքին մէջ տիրող ներկայ պայմանները ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը աւելի անհրաժեշտ կը...

Պոսթընի Մէջ.  Պասիլ. «Նախորդ Երկու Տարիներուն  Իրականացած Նուաճումները Բաւարար Են Ներկայ  Իշխանութիւնը Յաջող Նկատելու»

Պոսթընի Մէջ. Պասիլ. «Նախորդ Երկու Տարիներուն Իրականացած Նուաճումները Բաւարար Են Ներկայ Իշխանութիւնը Յաջող Նկատելու»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պոսթընի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իրենց պայքարը անցեալէն գեղեցիկ դասեր քաղելու եւ վատ արարքները թօթափելուն մէջ կը կայանայ: Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք Լիբանանի բոլոր հարցերէն տեղեակ են, սակայն չեն կրնար ընդունիլ զանոնք, այլ միասնականութեամբ կը պայքարին զանոնք սրբագրելու համար: «Ամէն օր կը հնարեն պատմութիւն մը, որպէսզի ժողովուրդը...

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Վաւերացուց Թրիփոլիի  Նաւահանգիստը Ընդարձակելու  Եւ Արդիականացնելու Օրինագիծը

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Թրիփոլիի Նաւահանգիստը Ընդարձակելու Եւ Արդիականացնելու Օրինագիծը

Արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի Իսլամական բարգաւաճման դրամատան կողմէ Թրիփոլիի նաւահանգիստի ընդարձակման ու արդիականացման ֆինանսաւորումին: Քննարկելէ ետք օրինագիծը, յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուց զայն: Օրինագիծը պիտի գործադրուի Լիբանանի կառավարութեան (ներկայացուած` Բարգաւաճման եւ...

Ռաատ. «Իսրայէլացիները 2006-ի  Պատերազմէն Ի Վեր Չեն Կրցած  Իրենք Զիրենք Վերագտնել»

Ռաատ. «Իսրայէլացիները 2006-ի Պատերազմէն Ի Վեր Չեն Կրցած Իրենք Զիրենք Վերագտնել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը սիոնական մարմինէն եւ իսրայէլեան ընկերութենէն հոգին անջատած է: Ան ակնարկեց իսրայէլացի ղեկավարներուն ու պատասխանատուներուն կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ Իսրայէլ տակաւին պատրաստ չէ Դիմադրութեան դէմ պատերազմ սանձազերծելու: «Իսրայէլացիները 2006-ի պատերազմէն ի վեր չեն կրցած իրենք զիրենք վերագտնել եւ ոչ ալ պիտի կարենան վերագտնել», ընդգծեց Ռաատ: Ապա ան հարց տուաւ, որ...

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Նիւ Եորք,  Իսկ Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի  Գումարել Իր Օրէնսդրական Նիստը

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Նիւ Եորք, Իսկ Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Գումարել Իր Օրէնսդրական Նիստը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի եւ պաշտօնական պատուիրակութեան մը, նախագահելու համար ՄԱԿ-ի 73-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան: Նախագահ Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ աւելի ուշ պիտի միանայ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալի եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը  Դատապարտեցին Ահուազի  Ահաբեկչական Գործողութիւնը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Դատապարտեցին Ահուազի Ահաբեկչական Գործողութիւնը

Լիբանանի իշխանութեան ու հոգեւոր պետեր եւ քաղաքական ուժեր խստիւ դատապարտեցին անցեալ շաբաթավերջին հարաւարեւմտեան Իրանի Ահուազ շրջանին մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ պատճառեց զոհեր եւ վիրաւորներ: Նախագահ Աուն, նախքան Նիւ Եորք մեկնումը, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի, որուն մէջ իր ափսոսանքը յայտնեց Ահուազի զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: «Ահուազի մէջ գործուած այս ահաբեկչական ոճիրը կը...

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային Տօնի Նշում

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային Տօնի Նշում

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով անցեալ շաբաթավերջին սէուտական դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ-ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ սէուտական դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա միջազգային մակարդակի վրայ եւ արաբական երկիրներուն միջեւ ամէն ջանք ի գործ դրած է` Պաղեստինեան հարցին նկատմամբ դրական ազդեցութիւն ունենալու, որովհետեւ Պաղեստինեան հարցը տակաւին անոր առաջնահերթութիւններէն է: «Ռիատ ճիգ չի խնայեր պաղեստինցիներուն իրաւունքներուն տէր կանգնելու...

Վարչապետ Հարիրի Լասընի Հետ Քննարկեց  Օդակայանը Ընդարձակելու Ծրագիրը

Վարչապետ Հարիրի Լասընի Հետ Քննարկեց Օդակայանը Ընդարձակելու Ծրագիրը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակելու եւ օդակայանին ծառայութիւնները բարելաւելու ծրագիրները: Լասըն ողջունեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած վարչական եւ գումակային քայլերը` շեշտելով «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին ճշդուած վարչական բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան միջոցով գործուած քրէական...

Page 616 of 988 1 … 615 616 617 … 988

Արխիւներ