Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի արտասանէ Լիբանանի պաշտօնական խօսքը:
Նախագահ Աուն երէկ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման նիստին:
Նշենք, որ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նախագահ Աուն շարունակեց արաբ եւ օտար պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութեան հետ` ներկայութեամբ կազմակերպութեան նախագահ Էտուարտ Կապրիէլի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ այլ պատասխանատուներու:
Հանդիպումին ընթացքին Կապրիէլ ուրախութիւն յայտնեց նախագահ Աունի հետ յաճախակի հանդիպումներ ունենալուն համար` աւելցնելով, որ անոնք առիթներ են նախագահ Աունին ներկայացնելու շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին:
Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի տարբեր մարզերուն մէջ արձանագրուած բարգաւաճումը եւ նկատել տուաւ, որ տնտեսական մարզը կարիք ունի հետեւողական աշխատանքի: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական ազգային ծրագիր կը մշակուի, որպէսզի երկրին տնտեսական կեանքը բարելաւում արձանագրէ, յատկապէս «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն ետք:
Նախագահ Աուն նշեց, որ սխալ է երկրին քաղաքական իրավիճակը կապել տնտեսականին, «սակայն պէտք է անդրադառնալ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատը ժխտական հսկայ ազդեցութիւն ունեցան լիբանանեան տնտեսական կացութեան վրայ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին համար սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման պէտք չէ սպասել` աւելցնելով, որ պաղեստինեան եւ կիպրական փորձառութիւնները ուսանելի եղած են տեղահանուածներու տունդարձը քաղաքական լուծումներէն անջատելու առումով:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան գործակցելու ամերիկեան վարչակազմին հետ` ամրապնդելու համար լիբանանեան բանակին կարողութիւնները, յատկապէս երբ ան փաստած է իր մարտունակութիւնը` ի մասնաւորի ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պայքարին մէջ:
Երէկ գիշեր նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Նասիպի անցքին բացման մանրամասնութիւնները: Ապտալլա թագաւորը հաստատեց Նասիպի անցքը վերաբանալու կարեւորութիւնը:




