Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեք, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց 24 սեպտեմբեր 2018-ին Մարժահինի մէջ նահատակուած յիսնապետ Քասեմ Ուեհպէի ընտանիքին:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ բնակարանային վարկերուն յաւելեալ գումարներու տրամադրումը պիտի վերսկսի 2019-ի սկիզբը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը կը մնայ անփոփոխ, իսկ մազութի թիթեղին սակը կը սղի 200 լ. ոսկիով:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ երկրին դիմագրաւած հարցերը լուծել եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ու շրջանին քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ բնակարանային վարկերու թղթածրարը հրատապ է եւ չի կրնար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպասել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի հաստատեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին վաւերացուած օրինագիծը, որ կը վերաբերէր բնակարանային վարկերուն, Մուսթաքպալ հոսանքին արձանագրած կարեւոր նուաճումներէն մէկն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են Մեհրապի համաձայնագիրին` շեշտելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններուն նախանցեալ օրուան թատրոնը ապարդիւն դուրս պիտի գայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ նախանցեալ օրուան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին խախտումը Թրիփոլիի հաշուոյն այլ ոճիր մը կը նկատուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Նաժըմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկը բոլորին համար յստակ է` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է գործակցին ամէնէն մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելու համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է այսօր կազմուի, նախքան` վաղը, նկատի առած Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան հաստատեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներու եւ սուրիացի տեղահանուածներու բնակեցումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ քաղցկեղի յատուկ դեղերու յաւելեալ գումար տրամադրելու օրինագիծը խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի օրակարգին վրայ չէր:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին «Պէտք Է Մեկուսացնել Իրանի Վարչակարգը» Յայտարարեց Թրամփ

Յաջորդը

Իսրայէլ Քաց. «Նասրալլա Կրակով Կը Խաղայ, Իսկ Եթէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործէ` Լիբանան Պիտի Նահանջէ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.