Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին շարունակեց գումարել իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր:
Ցերեկային նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց երկրի առողջապահական մարզի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ճանապարհաշինութեան եւ աշխատաւորներու յատուկ ծրագիրի գործադրութեան նպատակով Կառուցումի եւ շինարարութեան միջազգային դրամատան տրամադրած վարկերու համաձայնագիրները:
Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ կառավարութեան իրաւունքը` մաքսային մարզի օրէնսդրութեան եւ Սահմանադրական խորհուրդի օրէնքի բարեփոխման վերաբերեալ:
Խորհրդարանին վաւերացուցած օրինագիծերէն եղան նաեւ Ղատիրի եւ Շուֆի մէջ կոյուղիներու համակարգի կառուցման ֆինանսաւորումի օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ զէնքերու առեւտուրի համաձայնագիրը, որ արժանացաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի եւ կարգ մը այլ երեսփոխաններու մերժումին:
Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան վերաբերող վարկերու օրինագիծ մը:
Գիշերային նիստը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին եւ վաւերացուց բնակարանային վարկերու յատուկ օրինագիծ մը, որուն համաձայն մէկ տարուան համար 100 միլիառ լ. ոսկիի գումար պիտի յատկացուի այդ վարկերու խորհուրդին, պայմանով, որ հետագային կառավարութիւնը մշակէ բնակարանային վարկերու յստակ քաղաքականութիւն:
Սակայն նիստէն շուրջ 40 վայրկեան ետք Մուսթաքպալ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքներու երեսփոխանները լքեցին խորհրդարանը, որուն պատճառով խախտեցաւ օրինաթիւը:
Այս պատճառով ալ Պըրրի յայտարարեց գիշերային օրէնսդրական նիստի աւարտը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Պըրրի նշեց, որ օրէնսդրական յաջորդ նիստը պիտի գումարուի հոկտեմբեր 2018-ի երկրորդ կիսուն:
Նշենք, որ Մուսթաքպալ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքներու երեսփոխանները յայտնեցին, թէ խորհրդարանը լքած են, որովհետեւ կը մերժեն քննարկել քաղցկեղի յատուկ դեղերու յաւելեալ գումար տրամադրելու օրինագիծը:
Միւս կողմէ, երեսփոխաններ Ժամիլ Սէյիտ եւ Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեցին, թէ օրէնսդրական նիստին քննարկած օրակարգը քաղցկեղի յատուկ դեղերու յաւելեալ գումար տրամադրելու օրինագիծ չէր պարփակեր:



