Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Հերմելի Մարժահին շրջանին մէջ բանակի շրջուն ջոկատին կողմէ թմրեցուցիչի մաքսանենգներ հետապնդելու ընթացքին բանակայիններու ջոկատը ենթարկուած է կրակոցի, որուն պատճառով նահատակուած է բանակային մը` յիսնապետ Քասեմ Մոհամետ Ուեհպէ, եւ վիրաւորուած են վեց ուրիշներ:
Բանակը յաւելեալ ուժերով հզօրացուցած է իր դիրքերը` շարունակելու համար բոլոր օրինազանցներուն հետապնդումը:
Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ հաստատեց, որ բանակը միշտ զոհողութիւններ կը մատուցէ` ի խնդիր հայրենիքի կայունութեան, ապահովութեան եւ արդարութեան:
Սարրաֆ գուժեց Ուեհպէի նահատակութիւնը` հաստատելով, որ բանակին զոհողութիւնները պիտի արդիւնաւորուին: Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը վայելող լիբանանեան բանակը երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ իւրաքանչիւր օրինազանց եւ ոճրագործ:
Սարրաֆ մեծապէս գնահատեց բանակին ջանքերը` պաշտպանելու երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: Ան նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:


