Լիբանանեան

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը, ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

lebanese-army-logo

Այն Հելուէի Մէջ. Բանակը Ձերբակալեց Ահաբեկիչ Պահաէտտին Մահմուտ Հուժէյրը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ձերբակալեց պաղեստինցի Պահաէտտին Մահմուտ Հուժէյրը, որ ուղղակի կապեր ունէր «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ» ահաբեկչական կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Պիր Հասանի իրանեան դեսպանատունը ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներուն հետ: Հուժէյր վերջերս օժանդակած էր ու գործակցած նաեւ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ եւ գործած շարք մը...

Զօր. Աուն Այցելեց Պաալպեք-Հերմել

Զօր. Աուն Այցելեց Պաալպեք-Հերմել

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեք-Հերմել, ուր  դիմաւորուեցաւ նահանգապետ Պաշիր Խտըրի, ինչպէս նաեւ Պաալպեք-Հերմելի քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահներուն եւ քաղաքապետերուն կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Զօր. Աուն յայտնեց, որ Պաալպեք-Հերմել, լիբանանեան որեւէ այլ շրջանի նման, օրէնքին ենթակայ է, եւ լիբանանեան բանակը հոն ներկայ է: «Պաալպեք-Հերմելի ապահովական կայունութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի ո՛չ միայն բանակին ջանքերով,...

«Էֆ. Պի. Այ.»-ի Տնօրէնը Այցելեց Լիբանան

«Էֆ. Պի. Այ.»-ի Տնօրէնը Այցելեց Լիբանան

Ամերիկեան «Էֆ. Պի. Այ.» գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Քրիսթաֆըր Ռէյ ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2018-ին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան երեք պետերուն եւ ապահովական կառոյցի պատասխանատուներուն հետ: Ռէյի բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Ռէյ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որ շեշտեց, թէ Լիբանան կրցած է դիւրաւ դիմագրաւել իրեն սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրներն ու...

Հանրապետութեան Միւֆթին Իսլամական  Նոր Տարուան Առիթով Իր Պատգամը Կ՛ուղղէ

Միւֆթի Տըրիան Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քուէյթի Դէմ Ցեխարձակումները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Լիբանանի միւֆթիներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի դէմ արձանագրուած ցեխարձակումները, որոնք կը նպաստեն այս կամ այն առանցքին շահերուն եւ անոնց ծրագիրներուն: Միւֆթիներու խորհուրդը շեշտեց, որ այդ մօտեցումները կը միտին արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները հարուածել` վերահաստատելով իրենց մերժումը Ծոցի երկիրներուն դէմ արձանագրուած...

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Հանդարտ Մնալու,  Երկխօսութիւն Կատարելու  Եւ Պատասխանատուութիւնները Ստանձնելու

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Հանդարտ Մնալու, Երկխօսութիւն Կատարելու Եւ Պատասխանատուութիւնները Ստանձնելու

Հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2018-ին Աշուրայի տօնին առիթով Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ հազարաւորներու կատարած երթէն ետք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց Պաղեստինեան դատին, պաղեստինցիներուն եւ եմէնցիներուն նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը: «Հիւսէյնի օրուան առիթով կարեւոր կը նկատենք արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն նախանձախնդրութիւնը Պաղեստինի եւ Եմէնի քաղաքացիներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Պահրէյնի ժողովուրդին...

Քանատայի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Կը Մերժէ Լիբանանի  Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթին Արձանագրած Յապաղումը

Քանատայի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Կը Մերժէ Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Արձանագրած Յապաղումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ուրբաթ, 21 սեպտեմբերին հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քանատա, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ: Քանատայի լիբանանեան համայնքը մեծապէս գնահատեց Ռայի պատրիարքին ջանքերը` Լիբանանը եւ լիբանանեան բոլոր համայնքները պաշտպանելու գծով: Ռայի պատրիարքը իր կարգին շնորհաւորեց Քանատայի մարոնի համայնքի առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ եւ հիմնարկէքը կատարեց Հալիֆաքսի մէջ նոր եկեղեցւոյ` գնահատելով անոր կառուցման աշխատանքները: Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշուրայի սգատօնին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 21 եւ շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին:

«Ո՛չ Լիբանանեան Թղթոսկիին Արժէքը  Վտանգուած Է Եւ Ո՛չ Ալ Երկիրը  Սնանկանալու Ճամբուն Վրայ Կը Գտնուի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ո՛չ Լիբանանեան Թղթոսկիին Արժէքը Վտանգուած Է Եւ Ո՛չ Ալ Երկիրը Սնանկանալու Ճամբուն Վրայ Կը Գտնուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Նիւ Եորք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող նիստի մը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրի, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունին ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին քննարկելիք օրակարգը եւ անոր նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքը,...

Պըրրի Խորհրդարանը  Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եւ դիւանի անդամներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Ալեն Աուն, Միշել Մուսա, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա: Նիստին ընթացքին Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երկօրեայ օրէնսդրական նիստի, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի,...

«Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Մէկ Նշոյլ Կայ,  Իսկ Մենք Պիտի Շարունակենք Սուրիոյ Մէջ Մնալ  Եւ Լիբանանի Ու Շրջանի  Մարտահրաւէրներէն Յաղթական Դուրս Գալ»   Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Մէկ Նշոյլ Կայ, Իսկ Մենք Պիտի Շարունակենք Սուրիոյ Մէջ Մնալ Եւ Լիբանանի Ու Շրջանի Մարտահրաւէրներէն Յաղթական Դուրս Գալ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Աշուրայի նախօրեակին երէկ երեկոյեան Հարաւային արուարձաններու Աշուրայի շրջափակին մէջ հազարաւոր մարդիկ ներկայ գտնուեցան սուգի երեկոյին, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Հակառակ այս առիթով անձամբ ներկայ գտնուելու իր սովորութեան, սէյիտ Նասրալլա պաստառին ընդմէջէն պանծացուց Աշուրայի սգատօնը եւ Հիւսէյնի յիշատակը` խոստանալով հաւատարիմ մնալ անոր ուղիին, որ ի դէպ այս տարուան Աշուրայի կարգախօսին վերածուած է: Սէյիտ...

Նախագահական Պալատը Կը Պահանջէ Հետապնդել  «Ֆորպզ»-ին Անճիշդ Տեղեկութիւններ Փոխանցողները

Նախագահական Պալատը Կը Պահանջէ Հետապնդել «Ֆորպզ»-ին Անճիշդ Տեղեկութիւններ Փոխանցողները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Միւս կողմէ, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պահանջուեցաւ հետաքննութիւն բանալ` բացայայտելու համար, թէ ո՞վ...

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Քննարկեց Ղատիրի  Եւ Շուֆի Կոյուղիներուն Թղթածրարները

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Քննարկեց Ղատիրի Եւ Շուֆի Կոյուղիներուն Թղթածրարները

Արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց Ղատիրի կոյուղիի հարցը, ինչպէս նաեւ Շուֆի մէջ կոյուղի հաստատելու համար վարկ տրամադրելու թղթածրարը: Նիստէն ետք Ժապեր յայտնեց, որ յանձնախումբը պիտի գումարէ նաեւ այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ ամբողջ...

Միւֆթի Տըրիան Դրուատեց Սէուտական  Արաբիոյ Դերակատարութիւնը Խաղաղութեան  Եւ Չափաւորականութեան Մշակոյթը Տարածելու Գծով

Միւֆթի Տըրիան Դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ Դերակատարութիւնը Խաղաղութեան Եւ Չափաւորականութեան Մշակոյթը Տարածելու Գծով

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Իսլամական աշխարհի լիկայի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ապտել Քարիմ Իսան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան Տար Ֆաթուայի զինանշանը նուիրեց Իսային` հաստատելով լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամուր ըլլալու իրողութիւնը: Միւֆթի Տըրիան դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը` ներողամտութեան, խաղաղութեան ու չափաւորականութեան մշակոյթը տարածելու եւ ամէն տեսակի...

Ներքին Գործոց Նախարարութինը Կը Հաստատէ  Իր Մերժումը Մուսթաֆա Պատրէտտինի  Անունով Փողոց Մը Կոչելու Որոշումին

Ներքին Գործոց Նախարարութինը Կը Հաստատէ Իր Մերժումը Մուսթաֆա Պատրէտտինի Անունով Փողոց Մը Կոչելու Որոշումին

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Ղպէյրիի քաղաքապետութեան յղեց հրամանագիր մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, թէ ներքին գործոց նախարարութիւնը կտրականապէս կը մերժէ Ղպէյրիի փողոցներէն մէկը Մուսթաֆա Պատրէտտինի անունով կոչել: Հրամանագիրին մէջ նշուեցաւ, որ քաղաքապետութիւններուն իրաւասութիւնները բացարձակ չեն, եւ անոնք ստիպուած են հանրային օրէնքներուն ու կանոններուն յարմարիլ: Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նկատել տուաւ, որ փողոց մը «Մուսթաֆա Պատրէտտին»...

«Պատրաստ Ենք Լիբանանի Հետ Լայն  Գործակցութիւն Ունենալու  Անոր Բոլոր Կարիքներուն Հասնելու»  Շեշտեց Հաթեմի

«Պատրաստ Ենք Լիբանանի Հետ Լայն Գործակցութիւն Ունենալու Անոր Բոլոր Կարիքներուն Հասնելու» Շեշտեց Հաթեմի

Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Էմիր Հաթեմի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Իրանի բարեկամ երկիրներուն մաս կը կազմէ: Ան շեշտեց, որ Իրան իրենց բարեկամ բոլոր պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւն ունի: «Մենք պատրաստ ենք Լիբանանի հետ լայն գործակցութիւն ունենալու եւ անոր բոլոր կարիքներուն հասնելու», շեշտեց Հաթեմի: Հաթեմի նշեց, որ Սուրիոյ հետ Իրանի զինուորական համագործակցութեան կարեւորագոյն կէտերն են բանակին վերակազմակերպումը եւ սուրիական զինուորական...

Հուք. «Իրան Հըզպալլային 700 Միլիոն Տոլար  Կը Յատկացնէ Տարեկան Դրութեամբ»

Հուք. «Իրան Հըզպալլային 700 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Տարեկան Դրութեամբ»

Իրանի հարցերով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք յայտնեց, որ տարեկան դրութեամբ Իրան Հըզպալլային 700 միլիոն տոլար կը յատկացնէ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն Հըզպալլային եւ Իրանի յեղափոխական պահակագունդին նկատմամբ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ: Ժողովրդավարական կարգերու պաշտպանութեան հաստատութեան խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հուք շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը ջանայ մեծ թիւով երկիրներ համոզել` միանալու Հըզպալլայի եւ Իրանի դէմ արշաւին: «Իրանի վրայ բանեցուած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով տեղքայլ կայ: Ան նշեց, որ կան շարք մը կարեւոր օրինագիծեր, որոնք խորհրդարանին կողմէ պիտի վաւերացուին խորհրդարանի օրէնսդրական երկօրեայ նիստին ընթացքին: Նշենք, որ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ: Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վերաբերող հարցեր: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն...

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Յանձնախումբ.  «Կառավարութեան Կազմութիւնը Կենսական Պահանջ Է`  Շարունակելու Բարեկարգումները»

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Յանձնախումբ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Կենսական Պահանջ Է` Շարունակելու Բարեկարգումները»

Խալիլ. «2019-ի Պետական Ամավարկը Յաւելեալ Տուրքեր Պիտի Չպարտադրէ, Իսկ Պենզինի Սակը Պիտի Չսղի» Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Նիստէն ետք Քանաան մեծապէս գնահատեց ելեւմուտքի նախարարին կողմէ պետական ամավարկի օրէնքներուն վերաբերող թիւ 5 յօդուածը յարգելու քայլը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ...

Պաապտայի Մէջ.   «Մաքրոն Ճշդուած Թուականին  Պիտի Այցելէ Լիբանան»   Շեշտեց Ֆուշէ

Պաապտայի Մէջ. «Մաքրոն Ճշդուած Թուականին Պիտի Այցելէ Լիբանան» Շեշտեց Ֆուշէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց քաղաքական, դիւանագիտական եւ բարգաւաճման վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ շարունակեց հետեւիլ նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ արձանագրուած քաղաքական կեցուածքներուն: Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ...

Page 617 of 988 1 … 616 617 618 … 988

Արխիւներ