Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը սիոնական մարմինէն եւ իսրայէլեան ընկերութենէն հոգին անջատած է:
Ան ակնարկեց իսրայէլացի ղեկավարներուն ու պատասխանատուներուն կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ Իսրայէլ տակաւին պատրաստ չէ Դիմադրութեան դէմ պատերազմ սանձազերծելու:
«Իսրայէլացիները 2006-ի պատերազմէն ի վեր չեն կրցած իրենք զիրենք վերագտնել եւ ոչ ալ պիտի կարենան վերագտնել», ընդգծեց Ռաատ:
Ապա ան հարց տուաւ, որ եթէ Իսրայէլ ներկայիս այդ վիճակին մէջ կը գտնուի եւ կը դիմագրաւէ ռուսական ու չինական վեթոյի ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ դէմ յանդիման կը գտնուի Իրանի ուժին ու զօրութեան, «ինչպէ՞ս պիտի կարենայ պատերազմիլ Դիմադրութեան դէմ», ըսաւ ան:
Ռաատ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն իսկ անկարող են Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի մէջ ի նպաստ իրենց որոշումներ ապահովելէ, որովհետեւ կան մեծ թիւով երկիրներ, որոնք կը մերժեն անոնց քաղաքականութիւնը: «Այդ պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն վերջերս յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը ամէն բանէ վեր է եւ գերադաս է Ապահովութեան խորհուրդէն ու ՄԱԿ-էն», ընդգծեց Մոհամետ Ռաատ: