Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով իրենց լուրջ առաջարկ չէ ներկայացուած: «Մենք երեք տիւրզի նախարար կը պահանջենք, եւ երբ այս մասին մեզի հետ լուրջ խօսակցութիւն կատարուի, ապա մանրամասնութիւնները կը քննարկենք: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած արդիւնքներու համեմատութեան համաձայն, մենք կը պահանջենք կշիռ ներկայացնող նախարարութիւն մը», ըսաւ Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր մնայուն կապի մէջ է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը Լիբանանի պետական գանձարկղին համար շատ սուղի կը նստի, իսկ համաշխարհային տնտեսութիւնը կ՛ուղղուի դէպի ելեւմտական տագնապ, ինչպէս որ էր պարագան 2008-ին:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան եւ լիբանանեան թղթոսկիի կայունութեան մասին ինք հակակարծիք է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ անդրադառնալով նաեւ այն հաւանականութեան, որ կրնայ սխալած ըլլալ` անոնց հետ համակարծիք չըլլալու առումով:
Ժոմպլաթ ընդգծեց նաեւ, որ քաղաքական գետնի վրայ ինք ոչ ոքի հետ հարց ունի, իսկ երբ ներկայ իշխանութիւնը ձախող կոչած է, միայն հանրապետութեան նախագահին անձը նկատի չէ ունեցած, այլեւ` զայն շրջապատող խմբակը: «Լիբանանը անել վիճակի մատնուած է` պետական հաստատութիւններու քանդումին պատճառով: Այսօր մենք կը գոյատեւենք հանգուցեալ նախագահ Ֆուատ Շեհապի հիմնած պետական հաստատութիւններուն մնացորդացին վրայ», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ վերահաստատեց, որ ինք նախագահ Աունի դէմ չէ` վերյիշեցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը բարեկարգումի փողը հնչեցուցած առաջին ղեկավարն է, որ պէտք է սկսի ելեկտրականութեան տագնապին լուծումով:
«Մենք չենք կրնար ներկայ իշխանութեան գործունէութեան նկատմամբ մեր յոյսը կտրել», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն` Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ կարեւորագոյն աշխատանքը կառավարութեան կազմութիւնն է եւ փտածութեան դէմ պայքարը:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ բնակարանային վարկերու թղթածրարին լուծումը դիւրաւ եւ մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ ապահովել:
Պատասխանելով Հըզպալլայի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Առաջինին հետ յարաբերութիւնները լաւ են, եւ իրարու միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համաձայնութիւն կայ, իսկ երկրորդին պարագային, երանի այս երկրին մէջ երկրորդ Պըրրի մը ըլլայ»:
Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ ինք վերապահ է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում եզրին նկատմամբ` հաստատելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ գործակցութեան վրայ: «Սուրիոյ հետ ապահովական գործակցութիւնը անխուսափելի է», եզրափակեց ան: