Հանրապետութեան նախագահութեան Ա. խորհրդական եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Միրէյ Աուն – Հաշեմ յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լայն փորձառութիւն ունի: «Մենք կը վստահինք անոր, որովհետեւ ան ծանօթ է իր ընդարձակ եւ խոր ըմբռնումներով` նախքան որեւէ որոշում տալը կամ կեցուածք ճշդելը: Սակայն ան ունի սկզբունքներ, որոնցմէ չի հրաժարիր: Ըստ Թաէֆի համաձայնագիրին, հանրապետութեան նախագահն է իրաւարարը եւ ան կը հսկէ սահմանադրութեան: Նախագահ Աուն օգտագործած է իր իրաւարարի սուլիչը` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պէտք է համապատասխանէ սահմանադրութեան եւ ըլլայ Ազգային ուխտին համաձայն», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը անոր չափանիշներուն շուրջ անհամաձայնութեան մէջ կը կայանայ, ըլլան անոնք քաղաքական թէ համայնքային չափանիշներ: «Այս պարագային է, որ կը ծագի տիւրզի համայնքին միակողմանի ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքին այսպէս կոչուած ընդդիմութեան ներկայացուցչութիւնը: Երբ կառավարութեան կազմութեան չափանիշները կը ճշդենք, ի յայտ կու գան քաղաքական ուժերու ներկայացուցչութեան չափաբաժինները: Իսկ կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութեան առումով սահմանադրութիւնը յստակ է, թէ այդ աշխատանքը կը կատարուի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ գործակցութեամբ, այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել կառավարութեան կազմը վաւերացնող հանրապետութեան նախագահին ստորագրութիւնը», հարց տուաւ Միրէյ Աուն-Հաշեմ:
Ան հաստատեց, որ այսօր վարչապետ Սաատ Հարիրի կը կատարէ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքը` նախագահ Աունի հետ համախոհութեամբ: «Վարչապետ Հարիրի կը խորհրդակցի քաղաքական ուժերուն հետ, որոնց շարքին է հզօր Լիբանան համախմբումը, որ 29 երեսփոխան կը հաշուէ: Հանրապետութեան նախագահը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն պահանջած է` նկատի ունենալով շրջանային մարտահրաւէրները: Իսկ քաղաքական բոլոր ուժերը կառավարութեան մաս պէտք է կազմեն` հեռու տարակարծութիւններէ», հաստատեց Միրէյ Աուն-Հաշեմ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` ան ընդգծեց, որ Սուրիա պայքարի օրեր կ՛ապրի` աւելցնելով, որ ինչպէս օրին իրենք մերժած են Լիբանանի ներքին հարցերուն Սուրիոյ միջամտութիւնը, այսօր ալ կը մերժեն Սուրիոյ ներքին հարցերուն Լիբանանի միջամտութիւնը: «Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները տնօրինելու ձեւաչափին մասին նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի պէտք է խորհրդակցին եւ համախոհութիւն գոյացնեն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին` դեսպաններու մակարդակով», շեշտեց ան:
Միրէյ Աուն-Հաշեմ յայտնեց նաեւ, որ նախագահ Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար Լիբանանի վրայ ծանր բեռ նկատուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
Միրէյ Աուն-Հաշեմ պատասխանելով Լիբանանի մէջ Հաշիշի ցանքին օրինականացման մասին հարցումի մը շեշտեց, որ Հաշիշի ցանքին օրինականացումը որոշ ուղեգիծէ մը պէտք է անցնի, իսկ Հաշիշի ցանքով զբաղող երկրագործները պէտք է պատրաստուին Հաշիշը բժշկական նպատակներու համար օգտագործելու:
«Հաշիշի ցանքին օրինականացումը կարելի չէ կատարել միայն ցանքով, այլեւ` պէտք է Լիբանանի եւ հաշիշը ներածող պետութիւններուն միջեւ առեւտրական համաձայնագիրներ ստորագրել», ըսաւ ան: