Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԱՐ Ֆաթուայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Տար Ֆաթուա իր խորհուրդը արտակարգ նիստի մը կը հրաւիրէ` մեծամասնական կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնները քննարկելու նպատակով: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Տար Ֆաթուա կը հաստատէ այդ լուրերուն անճիշդ ըլլալը` աւելցնելով, որ Տար Ֆաթուայի վերաբերող պաշտօնական բոլոր յայտարարութիւնները միայն անոր տեղեկատուական գրասենեակէն կը հրապարակուին: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա...



















