Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայիմ Քասեմ. «Նախագահ Աուն Լիբանանի Կայունութեան Առաջնահերթ Երաշխիքն Է»

September 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է կառավարութեան կազմութեան` պաշտպանելու համար Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներուն շահերը:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը բոլորին վնաս կը հասցնէ, եւ կոչ ուղղեց բոլորին կառավարութեան ընդմէջէն քաղաքական կամ ժողովրդային չափ չցուցադրելու, որովհետեւ կառավարութիւնը ցուցասրահ կամ ձգտումներու անցք մը չէ:

Քասեմ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` շեշտելով, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը առաջին օրէն իսկ գործակցած են եւ այդ իմաստով դիւրութիւններ տուած:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` Քասեմ ընդգծեց, որ դարուս համաձայնութիւնը պիտի ձախողի, այնքան ատեն որ պաղեստինցի ժողովուրդը իր Դիմադրութիւնը կը շարունակէ` մերժելով իսրայէլեան բռնագրաւումը:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Դիմադրութեան առանցքը միասնականութեամբ պիտի պայքարի ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ:

Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Լիբանանի կայունութեան առաջնահերթ երաշխիքն է` աւելցնելով, որ «Լը Ֆիկարօ»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն երկրին համար պատուաբեր կեցուածքներ արձանագրած է:

Ան նաեւ նշեց, որ նախագահ Աուն յանձնառու է Լիբանանի ազատագրութեան, ինչպէս նաեւ երկրին պաշտպանութեան:

Շէյխ Քասեմ ողջունեց նախագահ Աունը` զայն նկատելով հզօր Լիբանանի ղեկավար, դիմադրող անձնաւորութիւն, որ երկրին կը գուրգուրայ իր ազգային քաղաքականութեամբ, իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Անել Վիճակի Մատնուած Է, Իսկ Սուրիոյ Հետ Ապահովական Գործակցութիւնը Անխուսափելի Է»

Յաջորդը

Մաքրոն. «Լիբանանին Կարելի Է Օժանդակել` Արագացնելով Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծումը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.