Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային Տօնի Նշում

September 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով անցեալ շաբաթավերջին սէուտական դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ-ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ սէուտական դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա միջազգային մակարդակի վրայ եւ արաբական երկիրներուն միջեւ ամէն ջանք ի գործ դրած է` Պաղեստինեան հարցին նկատմամբ դրական ազդեցութիւն ունենալու, որովհետեւ Պաղեստինեան հարցը տակաւին անոր առաջնահերթութիւններէն է:

«Ռիատ ճիգ չի խնայեր պաղեստինցիներուն իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ Պաղեստին մը կերտելու», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանին, Պուխարի յայտնեց, որ Լիբանանի իսկական հարստութիւնը աշխարհի մէջ գտնուող արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ է, որովհետեւ անոնք Լիբանանի պատիւը ամէնուրեք բարձր կը պահեն:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս մեծ թիւով լիբանանեան պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ ու զինուորականներ, որոնք այս առիթով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Պուխարիի:

Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան չի մոռնար իրեն նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն զօրակցութիւնը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տագնապալի օրերուն` ըլլայ իսրայէլեան պատերազմի ատեն, Թաէֆի խորհրդաժողովին հիւրընկալումը եւ այլն:

Վարչապետ Հարիրի մեծապէս գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ:

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Եւս
Կը Շնորհաւորէ

Այս առիթով սէուտական դեսպանատուն այցելեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որոնք իրենց կարգին շնորհաւորեցին Պուխարին` Սէուտական Արաբիոյ փոխանցելով իրենց բարեմաղթութիւնները:

Պուխարիի հետ Յ. Բագրատունիի եւ Ա. Կիտանեանի հանդիպումին ընթացքին ան բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ  հայութեան դերակատարութիւնը եւ հաստատեց սէուտական իշխանութիւններուն ցուցաբերած յարգանքն ու գուրգուրանքը Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող հայերուն նկատմամբ` նկատի ունենալով անոնց տիպար եւ աշխատասէր անհատներ ըլլալու իրականութիւնը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Լասընի Հետ Քննարկեց Օդակայանը Ընդարձակելու Ծրագիրը

Յաջորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Դատապարտեցին Ահուազի Ահաբեկչական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.