Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակելու եւ օդակայանին ծառայութիւնները բարելաւելու ծրագիրները:
Լասըն ողջունեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած վարչական եւ գումակային քայլերը` շեշտելով «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին ճշդուած վարչական բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան միջոցով գործուած քրէական գործերուն դէմ պայքարելու ծրագիրները: