Իսրայէլի փոխադրութեան հարցերու եւ գաղտնի սպասարկութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իսրայէլեան «Մաարիվ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Իրան վերջ տայ Սուրիոյ արդիական զէնքեր ու հրթիռներ հայթայթելու իր արշաւին, ապա շիի միլիսներ պիտի չհամարձակին սպառնալ Իսրայէլի, իսկ Սուրիոյ մէջ գործող Հըզպալլային զէնք պիտի չհասնի:
«Եթէ Իրանի առաջնորդած այս քանդիչ դերակատարութիւնը կանգ առնէ, ապա Իսրայէլ պիտի կասեցնէ Սուրիոյ դէմ իր արարքները, այլապէս` Իսրայէլ իր ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով ճիգ պիտի չխնայէ», ըսաւ Քաց:
Ան հաստատեց, որ Իրանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի գործակից Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կրակով կը խաղայ: Ան սպառնաց Լիբանանին սուղ գին վճարել տալ եւ նահանջի մատնել` Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումի պարագային:
Քաց ընդգծեց, որ իսրայէլեան ներքին ճակատին եւ Իսրայէլի ենթակառոյցին դէմ սէյիտ Նասրալլայի սպառնալիքները խիստ մերժելի են: