Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր:
Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ժամանակաշրջանին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ գումարելու մասին ակնարկութիւններուն Պըրրի պատասխանեց ըսելով, որ խորհրդարանը սահմանադրութեան թիւ 69-րդ յօդուածին համաձայն իրաւունք ունի իր օրէնսդրական նիստերը գումարելու:
Ցերեկային եւ գիշերային նիստերուն ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ աղբերու հարցի համապարփակ տնօրինման օրինագիծը:
Երկար քննարկումներէ ու բանավէճերէ ետք, այդ օրինագիծը վաւերացուեցաւ: Այդ օրինագիծին դէմ քուէարկեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ աղբերու հարցի լուծման առաջարկներու մասին իրենք դիմած են քաղաքապետարաններուն, որոնք չեն ընդառաջած:
Նշենք նաեւ, որ առաջարկուեցաւ աղբերու հարցի համապարփակ տնօրինման աշխատանքներուն հսկողութեան իրաւասութիւնը յանձնել վարչապետին, սակայն այդ առաջարկը նկատի չառնուեցաւ եւ շեշտուեցաւ, որ հսկողութեան իրաւասութիւնը ունեցող միակ անձնաւորութիւնը կը մնայ կենսոլորտի նախարարը:
Ցերեկային նիստը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին:
Քանի մը ժամուան դադարէ ետք, խորհրդարանը երեկոյեան ժամը 6:00-ին գումարեց իր գիշերային նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուեցան ելեկտրոնային գործառնութիւններու եւ անձնական բնոյթի տուեալներ կրող փաստաթուղթերու վերաբերող օրինագիծը, դատական միջնորդութեան օրինագիծը, փտածութեան բացայայտումին օժանդակող անհատներու պաշտպանութեան օրինագիծը եւ նաւթի մարզին մէջ թափանցիկութեան զօրակցութեան օրինագիծը:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին գիշերային նիստը աւարտեցաւ: Պըրրի օրէնսդրական այսօրուան նիստը նշանակեց կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:




