Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պոսթընի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իրենց պայքարը անցեալէն գեղեցիկ դասեր քաղելու եւ վատ արարքները թօթափելուն մէջ կը կայանայ:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք Լիբանանի բոլոր հարցերէն տեղեակ են, սակայն չեն կրնար ընդունիլ զանոնք, այլ միասնականութեամբ կը պայքարին զանոնք սրբագրելու համար: «Ամէն օր կը հնարեն պատմութիւն մը, որպէսզի ժողովուրդը մտահոգուի եւ յուսալքուի, այն իմաստով, որ կարծէք երբ ելեկտրական հոսանքը անջատուի, անիկա միայն որոշ քաղաքական ուժէ մը կ՛անջատուի», շեշտեց ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ անոնց ամբողջ պահանջածը լիբանանեան ներկայ իշխանութեան ձախողութիւնն է, «կարծէք եթէ իշխանութիւնը ձախողի, երկիրը ձախողած չ՛ըլլար: Ո՛վ որ կը փափաքի ներկայ իշխանութիւններուն աշխատանքը ձախողեցնել, կ՛ըսենք, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին իրականացած նուաճումները բաւարար են ներկայ իշխանութիւնը յաջող նկատելու: Այսինքն` ահաբեկչութեան վտանգէն Լիբանանի ազատագրումն ու մշակուած ընտրական նոր օրէնքը բաւարար են», շեշտեց ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը ուղղակիօրէն կառավարութեան կազմութեան հետ չէ կապուած` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումին մասին լուրերը անճիշդ են եւ զրպարտութիւններ, որոնք կը միտին կազմել իրենց նախասիրութեամբ կառավարութիւն մը: «Իսկ մենք կառավարութեան կազմութիւնը թէեւ կարեւոր կը նկատենք, սակայն բաւարար չենք տեսներ, որ անիկա երկրին տնտեսական զարգացում ապահովէ, այլ պէտք է թոյլ տալ, որ անիկա կարենայ գործել: Անոնք կ՛ուզեն մեզ նմանցնել իրենց, սակայն անիկա ճիշդ չէ: Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ամէն բան սուտի վրայ հիմնուած է եւ այդպէս ալ կ՛առաջնորդուի: Իսկ մարդիկ սուտերը կը տարածեն ճշմարտութեան փոխարէն», հաստատեց ան:
Պասիլ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն օժանդակելու Լիբանանին` ստանալով լիբանանեան իրենց քաղաքացիութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէն գնով օժանդակելու Լիբանանին եւ իրենց առօրեային ընթացքին օգտագործելու լիբանանեան արտադրութիւնները` առ ի զօրակցութիւն լիբանանեան տնտեսութեան:
ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ռուսական դեսպանատան յղեց նամակ մը, որուն համաձայն յստակացուց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի պատասխանատու լիբանանեան-ռուսական միացեալ յանձնախումբին լիբանանցի անդամներն են Ժորժ Շաապանը` վարչապետի ներկայացուցիչ, Ամալ Ապու Զէյտը` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը եւ լիբանանեան բանակին կողմէ գնդապետ-զօրավար Սուհել Խուրի:



