Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Դատապարտեցին Ահուազի Ահաբեկչական Գործողութիւնը

Սեպտեմբեր 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի իշխանութեան ու հոգեւոր պետեր եւ քաղաքական ուժեր խստիւ դատապարտեցին անցեալ շաբաթավերջին հարաւարեւմտեան Իրանի Ահուազ շրջանին մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ պատճառեց զոհեր եւ վիրաւորներ:

Նախագահ Աուն, նախքան Նիւ Եորք մեկնումը, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի, որուն մէջ իր ափսոսանքը յայտնեց Ահուազի զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

«Ահուազի մէջ գործուած այս ահաբեկչական ոճիրը կը փաստէ, թէ ահաբեկչութիւնը ախտ մըն է, որ խորապէս կը հարուածէ մեզ, եւ ան ոչ մէկ առնչութիւն ունի կրօններուն հետ: Մենք ահաբեկչութենէ տառապած ենք եւ անոր գինը սուղ վճարած», նշեց ան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Իրանի հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի` խստիւ դատապարտելով Ահուազի ահաբեկչութիւնը:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է գործակցելու Իրանի հետ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Իրանի Ահուազ շրջանը հարուածած ահաբեկչութիւնը` հաստատելով Իրանի կառավարութեան եւ իրանցի ժողովուրդին իր զօրակցութիւնը:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Ահուազի դէմ ահաբեկչութիւնը` զայն նկատելով Իրանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ իրանցիներուն միասնականութիւնը թիրախ դարձնող վայրագ գործողութիւն մը, որ ձախող դուրս պիտի գայ եւ Իրանի կամքը բնաւ պիտի չընկրկի:

Հըզպալլա իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ահուազի զինուորական տողանցքը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնող գործողութիւնը, որուն ետին թաքնուած են սատանայական ձեռքեր եւ թիրախ կ՛ուզեն դարձնել Դիմադրութեան առանցքին արձանագրած յաղթանակները:

Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում` վիրաւորներուն:

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային Տօնի Նշում

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Նիւ Եորք, Իսկ Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Գումարել Իր Օրէնսդրական Նիստը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?