Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Հանդարտութեան, Իսկ Կառավարութեան Մէջ Մեր Գործունէութիւնը Պիտի Ըլլայ Հիմնական Եւ Ազդեցիկ»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած ճառին ընդմէջէն կոչ ուղղեց քաղաքական անդորրը պահելու եւ վերջ տալու քաղաքական տարակարծութիւններուն, որոնք կը հնչեն լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը լուրջ հարցեր ունի քննարկելիք, ինչպէս նաեւ կան մտահոգութիւններ, որոնք պէտք է փարատին: «Կառավարութեան կողմէ պիտի տրուին այնպիսի որոշումներ, որոնց ազդեցութիւնը կրնայ տասնեակ տարիներու վրայ...

















