Լիբանանեան

Վարչապետ Հարիրի Կրցաւ Կազմել 30 Հոգինոց  Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը .  Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանանահայութիւնը  Կ՛ունենայ Նախարարական Պաշտօններ  Ունեցող Երկու Նախարարներ

Վարչապետ Հարիրի Կրցաւ Կազմել 30 Հոգինոց Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը . Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանանահայութիւնը Կ՛ունենայ Նախարարական Պաշտօններ Ունեցող Երկու Նախարարներ

Ինը ամսուան աշխատանքէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի` օժանդակութեամբ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն, կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւած էր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ անոր արձանագրած զարգացումներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ նախագահ Աունին ներկայացուց կառավարութեան կազմը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը...

Կենսագրութիւն Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի

Կենսագրութիւն Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի

Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 նոյեմբեր 1966-ին, երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը: Անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան: Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Ընտրուած է ՀՅԴ ԶՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ եւ 1992-էն սկսեալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած է ՀՅԴ Ընտրական կեդրոնական մեքենայի պատասխանատուութիւնը: Եղած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ, ինչպէս նաեւ...

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի  Եւ Ազատագրում Ու Բարգաւաճում Պլոքի Նիստերուն

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Եւ Ազատագրում Ու Բարգաւաճում Պլոքի Նիստերուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Մարուան Համատէ, Միշել Մուսա, Սամիր Ժսըր եւ Ալեն Աուն, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա: Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանը ճշդած է խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգը`...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուխարիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուխարիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:  

Նախագահ Աուն. «Ահաբեկչութեան Դէմ  Պատերազմը Չէ Աւարտած Եւ Կարիք Ունի  Միջազգային Գործակցութեան»

Նախագահ Աուն. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը Չէ Աւարտած Եւ Կարիք Ունի Միջազգային Գործակցութեան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի հարցերով օգնական Մարշըլ Փիլինկսլին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան աշխուժ կերպով իր ներդրումը կը բերէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին եւ դրամի լուացումին դէմ մղուած միջազգային պայքարին: Ան շեշտեց,...

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ  Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի կը գտնուի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ճիշդ հունին մէջ, իսկ կառավարութեան կազմութեան առումով լաւատեսութիւնն ու դրական մթնոլորտը կը շարունակեն մնալ տիրական: Այս շրջագիծին մէջ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ «Մարքազիա» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կառավարութիւնը կրնայ յայտարարուիլ: Ան նշեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամներուն միջեւ տարակարծութիւն...

Հայոց Բանակի Օրուան Ընդունելութիւն`  Սարրաֆի Կազմակերպութեամբ

Հայոց Բանակի Օրուան Ընդունելութիւն` Սարրաֆի Կազմակերպութեամբ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան 28 յունուարին մասնակցեցաւ Հայոց բանակի օրուան առիթով ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի կողմէ: Ընդունելութեան մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Ընդունելութեան յաջորդեց ընթրիք մը, որ Սարրաֆի կողմէ սարքուած էր ի պատիւ դեսպան Աթաբէկեանի: Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյրութի մէջ գործող մեծ թիւով դեսպաններ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ...

Իտալիոյ Վարչապետը Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Կ՛այցելէ Պէյրութ

Իտալիոյ Վարչապետը Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Կ՛այցելէ Պէյրութ

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Իտալիոյ նոր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին` հաստատելով, որ Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած: Միւս կողմէ, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Հռոմ բարձր կը գնահատէ...

Ֆրանսա Կը Հերքէ Լիբանանեան Բանակին  Կատարուելիք Զինուորական  Օժանդակութիւնները Կասեցնելու Լուրերը

Ֆրանսա Կը Հերքէ Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք Զինուորական Օժանդակութիւնները Կասեցնելու Լուրերը

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ Եւրոպայի հարցերու նախարարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ֆրանսա Իսրայէլէն խնդրած է Լիբանանի դէմ զինուորական իր գործողութիւնները չսկսիլ` նախքան Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ անոնք իսրայէլեան մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած անճիշդ տեղեկութիւններ են: Նախարարութիւնը հերքեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի վերաբերող այն յայտարարութիւնները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ առաւօտեան կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Վերջապէս աւարտեցաւ. ուրբաթ, 1 փետրուար 2019»: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու կենսոլորտի նախարարութեան վերաբերող հարցեր: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով սղած է,...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին  Լաւատեսութիւնը Կը Հասնի Իր Գագաթնակէտին

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Լաւատեսութիւնը Կը Հասնի Իր Գագաթնակէտին

Շաբթուան սկիզբէն հնչած յայտարարութիւնները, թէ այս շաբաթը վճռորոշ պիտի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան համար` ըլլայ ան դրական թէ ժխտական, իրենց գագաթնակէտին հասան երէկ երեկոյեան, երբ Մուսթաքպալ պլոքն ու Հզօր Լիբանան համախմբումը իրենց շաբաթական ընթացիկ նիստերէն ետք հաստատեցին այս շաբթուան վճռորոշ ըլլալը` մեծ յոյսեր յայտնելով, որ անիկա կրնայ դրական ըլլալ: Մուսթաքպալ պլոքի եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստերէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ...

Նախագահ Աուն. «ՄԱԿ-ի Հետ Գործակցութիւնը  Միացեալ Սկզբունքներու Ծառայութիւն Է»

Նախագահ Աուն. «ՄԱԿ-ի Հետ Գործակցութիւնը Միացեալ Սկզբունքներու Ծառայութիւն Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերենիլ Քարտելը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու խնդիրին: Ան մաղթեց, որ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութիւնը շարունակուի` հաստատելով, որ այդ գործակցութիւնը Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի...

Պըրրի Քարամէի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթին Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Քարամէի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի Պըրրիի այն կեցուածքին, թէ ան ձեռնածալ դիտող մը պիտի չըլլայ` ի տես կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած տագնապին, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան պիտի ուղղուի դէպի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի գումարում»,...

Պըրրի. «Պէտք Է Զգուշանալ Իսրայէլեան  Ոտնձգութիւններէն, Յատկապէս  Երբ Շրջանային Պատերազմի Մասին Շշուկներ Կան»

Իսրայէլեան Ուժերը Հունինի Հովիտին Մէջ Խրամատներ Փորեցին

Իսրայէլեան ուժերը երէկ Հունինի հովիտին մէջ խրամատներ փորեցին եւ աւազէ պատնէշներ զետեղեցին սահմանամերձ փշաթելերուն մօտակայքը: Հունինի հովիտը կը գտնուի Ատայսէ եւ Մարքապա գիւղաքաղաքներուն հանդիպակաց շրջանին մէջ: Խրամատները փորելու աշխատանքին հսկեցին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ: Նշենք նաեւ, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ գտնուող Ատայսէի բարձունքներուն վրայ երկաթեայ սիւներու հաստատման եւ զանոնք փշաթելերով պատելու աշխատանքը: Այս աշխատանքը կատարուեցաւ...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Տագնապը  Սահմանադրութեան Տագնապ Է»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Տագնապը Սահմանադրութեան Տագնապ Է»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Սայիտաթ ժապալ հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը սահմանադրութեան տագնապ է, որովհետեւ քաղաքացիները սահմանադրութիւնը մէկդի դրած են եւ անոնք նոր սահմանադրութիւններ կը ստեղծեն, ինչպէս նաեւ նոր ուխտեր եւ չափանիշներ կ՛որոշեն ու անոնց հիման վրայ կը գործեն: «Երբ սահմանադրութիւնը մէկդի դրուի, անիկա կորսուելու համազօր է»: Ռայի պատրիարքը...

Շամխանի. «Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Դիմադրութիւնը Նոր Զէնք Ստացած Է»

Շամխանի. «Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Դիմադրութիւնը Նոր Զէնք Ստացած Է»

Իրանի քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի շեշտեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կատարած յայտարարութիւնները գետնափոր փապուղիներու մասին տեղեկատուական ծանուցում է` ուշադրութիւնը շեղելու համար իր կառավարութեան տնտեսական եւ բարոյական փտածութենէն: Ան հաստատեց, որ սիոնականներու ոտքերուն տակ հարիւրաւոր քիլոմեթրերու վրայ երկարող գետնափոր փապուղիներու բացայայտումը սիոնական ապահովական կառոյցին համար հսկայական խայտառակութիւն է: «Մեծ ճշգրտութեամբ հրթիռներ արդէն իսկ հասած են Լիբանանի եւ Կազայի...

Բրիտանիա Կը Շարունակէ Յանձնառու Մնալ  Լիբանանի Կայունութեան Եւ Բարգաւաճման

Բրիտանիա Կը Շարունակէ Յանձնառու Մնալ Լիբանանի Կայունութեան Եւ Բարգաւաճման

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ երէկ դեսպանատան մէկ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Պաալպեք: Ան նշեց, որ Լիբանան առաջին արաբական երկիրը չէ, ուր ինք կը ծառայէ` աւելցնելով, որ ինք դիւանագիտական առաքելութեամբ ծառայած է նաեւ արաբական այլ երկիրներու մէջ, «սակայն Լիբանան բոլոր երկիրներէն տարբեր է», ըսաւ ան: Պաալպեքի մէջ ունեցած իր շարք մը հանդիպումներուն ընթացքին Ռամպլինկ ընդգծեց, որ կարեւոր է քաղաքներու այցելութիւնը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը կազմակերպուած եւ օրինական կերպով չի գործեր` հաստատելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բոլորին հետ կազմակերպելու համար այդ մարզը: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները ձախողելու պարագային իրենք պիտի ուղղուին փողոց: Ան յոյս յայտնեց, որ քանի մը օրէն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական...

Նախագահ Աուն Ողջունեց Լիբանանի  Եւ Սերպիոյ Միջեւ Երկրագործութեան Մարզին Մէջ  Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Քայլերը

Նախագահ Աուն Ողջունեց Լիբանանի Եւ Սերպիոյ Միջեւ Երկրագործութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Քայլերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սերպիոյ երկրագործութեան, անտառներու պահպանման ու ջրային հարստութեան տնօրինումի նախարար Պրանիսլաւ Նետիմովիչն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթերի եւ Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Էմիր Էլվիչի: Հանդիպումին ընթացքին Նետիմովիչ նախագահ Աունին յանձնեց Սերպիա պաշտօնական այցելութեան հրաւէր մը` ուղղուած Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի կողմէ: Նետիմովիչ նախագահ Աունին յանձնեց նաեւ...

Իսրայէլեան Ուժեր Ատայսէի Բարձունքներուն  Վրայ Զետեղեցին Փշաթելեր, Իսկ Այզընքոթ  Հերքեց Գետնափոր Այլ Փապուղիներու Գոյութիւնը

Իսրայէլեան Ուժեր Ատայսէի Բարձունքներուն Վրայ Զետեղեցին Փշաթելեր, Իսկ Այզընքոթ Հերքեց Գետնափոր Այլ Փապուղիներու Գոյութիւնը

Իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին սահմանամերձ շրջանի իրենց դիրքերուն ամրապնդումը: Այս աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ անոնք Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ գտնուող Ատայսէի բարձունքներուն վրայ զետեղեցին երկաթեայ սիւներ, որոնք աւելի ուշ պատեցին փշաթելերով: Այս աշխատանքը կատարուեցաւ իսրայէլացի մեծաթիւ զինուորներու ներկայութեան: Անոնց դիմաց` լիբանանեան սահմաններուն հսկեցին լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Կատի Այզընքոթ յայտնեց, որ այն...

Page 584 of 988 1 … 583 584 585 … 988

Արխիւներ