Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Նշանակուած Նախարարները Կը Ստանձնեն Իրենց Նախարարութիւնները

February 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կարգ մը նախարարութիւններու մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն, որուն ընթացքին նոր նշանակուած նախարարները կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ:

Ճարտարարուեստի նախարարութեան մէջ նախկին նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան պատասխանատուութիւնը յանձնեց նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրին, որ յայտնեց, թէ ինք եկած է շարունակելու ճարտարարուեստի նախարարութեան գործունէութիւնը եւ արդիւնաբերութեան լքուած մարզի աշխատանքը, որովհետեւ տարբեր մարզերուն զօրակցելու իմաստով լուրջ ծրագիրներ չկան, իսկ մենք կ՛ուզենք պաշտպանել, գուրգուրալ եւ զօրակցիլ լիբանանեան ճարտարարուեստին:

Տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ նոր նշանակուած նախարար Ժամալ Ժարրահ ստանձնեց նախարարութիւնը նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշիէն:

Ժարրահ յայտնեց, որ իրենց դիմաց կան շարք մը մարտահրաւէրներ, եւ պիտի աշխատին մշակել ռազմավարութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ լրագրութեան մարզն ու լրագրողները ստանան իրենց արժանի դիրքը:

Ժարրահ ընդգծեց նաեւ արհեստագիտութեան զարգացումներուն հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Արդարութեան նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի իր նախարարութեան պատասխանատուութիւնը յանձնեց նախարար Ալպեր Սարհանին:

Նախարարութեան ստանձնումէն ետք Սարհան յայտնեց, որ ինք ընդհանրապէս ծանօթ է դատական իշխանութեան մարզին` աւելցնելով, որ Ժրայսաթի զինք մթնոլորտին ծանօթացուցած է: Ան շեշտեց, որ արդարութեան նախարարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարի հիմնական խրամատին մէջ կը գտնուի եւ մինչեւ վերջ պիտի հետապնդէ այդ թղթածրարը:

Նախարար Աքրամ Շեհայէպ իր կարգին ստանձնեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը նախկին նախարար Մարուան Համատէէն:

Շեհայէպ շեշտեց, որ նախարարութեան եւ դպրոցներուն մէջ գործելու ընթացքին բոլորը իրենց պատկանելիութիւնը մէկդի պէտք է դնեն:

Պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարար Էլիաս Պու Սաապ նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆէն ստանձնեց պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատուութիւնը: Պու Սաապ հաստատեց, որ ինք պիտի ըլլայ լիբանանեան բանակին ամուր վահանը:

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի ստանձնեց նախարարութեան  պատասխանատուութիւնը` նախկին նախարար Թարեք Խաթիպէն: Ան նշեց, որ ինք տիւ ու գիշեր պիտի գործէ` ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն ապահովումին:

Նշենք, որ ընկերային հարցերու նախարար  Ռիշար Գույումճեան իր կարգին ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Փիեռ Պու Ասիէն:

Ան նշեց, որ իրենք քաղաքական կեանքին մէջ գործելով կը ծառայեն հանրութեան բարօրութեան եւ ոչ թէ անձնական շահերու:

Նախորդը

Գրառումներ

Յաջորդը

Պասիլ. «Մենք Համախոհական Ժողովրդավարութեան Շուրջ Համաձայնած Ենք»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.