Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յանձնառու Կը Մնամ Ստանձնած Պատասխանատուութեանս Եւ Պիտի Աշխատիմ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Հասցնել Այն Մակարդակին, Որ Ան Աշխուժացնէ Երկրին Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Փետրուար 4, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան, իր ստանձնած պատասխանատուութեան, երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու հսկայ պատասխանատուութեան, ժողովուրդին կարիքները հոգալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի յարաբերութիւններուն:

«Ճիշդ է, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան, սակայն զբօսաշրջութեան նախարարութեան մասին կրնամ աւելի մեծ յոյսերով խօսիլ: Հաւանաբար նախորդ երկու տարիներու աշխատանքս եթէ սկսնակ նախարարի աշխատանք էր, սակայն հիմա կրնամ ըսել, թէ նախարարութիւնը կրցաւ իրագործումներ արձանագրել եւ որոշ աշխուժութեամբ գործել: Երբ նոյն կուսակցութեան եւ կառավարութիւնը կազմող պատասխանատուներուն կողմէ կը վերանշանակուիս, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ քեզմէ պահանջուածը աւելին է: Այս մարտահրաւէրը զիս չի վախցներ, որովհետեւ յստակ պատկերացում մը ունիմ, որ յաջորդ փուլին ի՛նչ ձեւով պիտի գործենք զբօսաշրջութեան մարզին մէջ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր ներկայացուցիչին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որոնց վստահութեան շնորհիւ ինք դարձեալ նախարար նշանակուեցաւ: «Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որ մեծ ճիգեր ի գործ դրաւ, որպէսզի մենք զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ստանձնենք, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան իրաւունքը պահպանուի: Կ՛ողջունեմ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ իր ցուցմունքներով միշտ կը քաջալերէ աշխատանքը եւ անձամբ կը հետեւի զբօսաշրջութեան մարզի աշխատանքին: Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ նախագահ Աուն ամէն ամիս կը կապուի հարցնելու նախարարութեան աշխատանքին եւ արձանագրուած զարգացումներուն մասին», յայտնեց ան:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին` կառավարութեան կազմութեան իմաստով անոր թափած ճիգերուն համար:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ իր ստանձնած պատասխանատուութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ զբօսաշրջական բոլոր չափանիշները ունեցող Լիբանանին պէտք եղած շուկայադրումը ապահովուի եւ զբօսաշրջութեան մարզը հասնի այն մակարդակին, որ ան աշխուժացնէ երկրին տնտեսութիւնը:

Ան նշեց, որ ինք նախարարութեան մէջ կ՛աշխատի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելով եւ ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումին: «Կը հաստատեմ, որ աշխատանքը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի, եւ կ՛ակնկալեմ, որ կառավարութիւնը գործակցի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ, որովհետեւ կան որոշումներ, որոնք պէտք է կառավարութեան կողմէ տրուին, նախքան կառավարութեան աշխատանքի սկսիլը», յայտնեց ան:

Նախարար Կիտանեան նախատեսեց, որ կառավարութեան մէջ համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը առկայ ըլլան, եւ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով արձանագրուին շարք մը նուաճումներ:

Ան նշեց, որ եթէ որեւէ պարագայի այն տպաւորութիւնը ստեղծուի, թէ ոմանք կը փորձեն իրագործում մը ձախողցնել, ապա պէտք է յստակ որոշում տրուի եւ սանձուի այդ փորձը: «Ի վերջոյ մենք պաշտօն ստացած ենք ծառայելու համար ժողովուրդին: Եթէ ձախողինք մեր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ, ժողովուրդը ինքնաբուխ կերպով պէտք է յայտնէ իր դժգոհութիւնը: Երկրին մէջ այլեւս իրաւունք չունինք ելեկտրականութեան, ջուրի եւ աղբի մասին խօսելու, որովհետեւ անոնք քաղաքացիին տարրական կարիքներն են, որոնք պէտք է լիովին բաւարարուին», յայտնեց ան:

Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ անիկա որոշ չափով նման պիտի ըլլայ նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին:

Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան նշեց, որ Սուրիա պիտի վերադառնայ Արաբական լիկա, որովհետեւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ան կրցած է տապալել ահաբեկչութիւնը եւ յաղթական դուրս գալ, ինչ որ արաբական կարգ մը երկիրները մղած է իրենց յարաբերութիւնները վերականգնելու անոր հետ: «Հետեւաբար Լիբանանը, որ Սուրիոյ դրացի երկիր է, եւ երկրին գրեթէ բոլոր սահմանները անոր կից կը գտնուին, հիմնական տարակարծութիւններ պէտք չէ ունենայ Սուրիոյ հետ: Իսկ եթէ նաեւ կան հիմնական հարցեր, ապա երկխօսութեամբ, հանդիպումներով եւ խորհրդակցութեամբ կարելի է անոնց լուծումներ գտնել: Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուին եւ իրենց բնականոն վիճակին վերադառնան` երկու պետութիւններուն միջեւ: Ի վերջոյ կան երկու երկիրներու միացեալ շահեր, որոնք պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Լիբանանը իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ կառավարութեան գործունէութիւնը այդ իմաստով շատ կարեւոր պէտք է ըլլայ` ընդգծելով, որ երկիրը իր այս վիճակէն փրկելը անկարելի չէ, սակայն պէտք է սեղմումներու դիմենք եւ սերտուած ծրագիրներ գործադրելով կատարենք այդ բոլորը: Այս ուղղութեամբ ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի պեղումները արդիւնաւէտ ըլլան»:

 

Նախորդը

Նորակազմ Կառավարութեան Անդամ Նախարարները Կ՛ընդգծեն Միասնականութեամբ Գործելու Իրենց Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը` Ընդգծելով Աշխատանքային Ծրագիրը Կարելի Եղածին Չափ Արագ Մշակելու, Վաւերացնելու Եւ Միասնականութեամբ Աշխատանքի Լծուելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?