Նորակազմ կառավարութիւնը այսօր կէսօրուան ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի ստանայ իր պաշտօնական լուսանկարը, որմէ ետք պիտի գումարէ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, քննարկելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:
Կառավարութեան կազմութեան առթած դրական եւ լաւատեսական մթնոլորտին զուգահեռ, շօշափելի դարձաւ նաեւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ արաբական եւ օտար երկիրներուն վստահութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Ծոցի երկիրներէն երկու պետութիւն կ՛ուղղուին Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան մէջ հսկայական պահ գումարներ զետեղելու:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, այդ երկիրներէն մէկը մտադրած է մէկ միլիառ տոլար պահ դնել, իսկ միւսը` առաջինէն քիչ մը նուազ գումար մը:
Յայտնենք, որ նախագահ Աուն հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերանորոգում է` այդ իմաստով վերջին շրջանին արձանագրուած վստահութեան խախտումին ի տես: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ ատիկա աշխուժացուցած է նաեւ միջազգային դրամական շուկան եւ պատճառ դարձած, որ Լիբանանի տոլարով բաժնետոմսերուն գինը նկատառելի համեմատութեամբ բարձրանայ:
Միւս կողմէ, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին կարգ մը լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ անիկա նման պիտի ըլլայ նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, յատկապէս Դիմադրութեան եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին, տնտեսութեան բարգաւաճումին, փտածութեան դէմ պայքարին եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վրայ:
ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն: