Ստորեւ կ՛անդրադառնանք նոր նշանակուած նախարարներուն կողմէ անցնող շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ անոնք ընդգծեցին միասնականութեամբ գործելու իրենց յանձնառութիւնը:
Փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է այնպիսի ձեւով գործէ, որ վերատիրանայ լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընկերութեան վստահութեան:
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ անդրադարձաւ պաղեստինեան Պըտտաուիի գաղթակայանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը արթուն կը հսկէ երկրին ապահովական կայունութեան:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ ապահովական տեղեկութիւններու համաձայն, պետութեան կողմէ պահանջուած յանցագործ-երգիչ Ֆատըլ Շաքեր տակաւին կը գտնուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ: Պու Սաապ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ֆատըլ Շաքեր Թունուզի մէջ համերգ մը պիտի տայ:
Արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ դատախազին շնորհելու դատական իշխանութիւններուն անձեռնմխելիութիւնը, իսկ դատաւորներուն շնորհելու անհատական անձեռնմխելիութիւն:
Սարհան ընդգծեց, որ օրէնքի պետութեան կերտումը այս իշխանութեան կարգախօսն է, ինչպէս նաեւ նպատակ մը, որուն իրագործումին կը ձգտինք:
Արհեստագիտութեան եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունի շեշտեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի վերաբերող տագնապներուն լուծումը:
Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ Հըզպալլայի նախարարները թէ՛ իրենց ստանձնած նախարարութիւններուն եւ թէ՛ ընդհանրապէս բոլոր նախարարութիւններուն մէջ պիտի պայքարին փտածութեան դէմ: Ան շեշտեց, որ իրենց որդեգրելիք քայլերը պիտի կեդրոնանան ժողովուրդին ծառայութեան վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցին բոլորին հետ` փոխըմբռնում գոյացնելու նպատակով:
Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երաշխաւորելու համար քաղաքացիներուն բժշկութիւնը, ինչպէս նաեւ բարելաւելու համար հիւանդանոցներուն իրավիճակը:
Անդրադառնալով այն յայտարարութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներ վեթոյի դրած էին առողջապահութեան նախարարութիւնը Հըզպալլային յանձնելու ընտրանքին վրայ, Ժապաք նշեց, որ Հըզպալլա այս նախարարութեան համար ընտրած է ոչ կուսակցական անհատ մը, որ Հըզպալլայի նկատմամբ կուսակցական յանձնառութիւններ չունի: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա լիբանանցիներու թիւին մէջ հսկայ համեմատութիւն մը կազմէ` աւելցնելով, որ Լիբանան հասած օժանդակութիւնները, ըլլան անոնք առողջապահութեան նախարարութեան, թէ այլ նախարարութիւններու ճամբով, ամբողջ ժողովուրդին կը պատկանին:
Ժապաք հերքեց այն տարաձայնութիւնները, թէ Հըզպալլա ծրագրած է իրանեան դեղորայք ներածել` հաստատելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ առողջապահութեան նախարարութեան օրէնքներուն` դեղորայք ներածելու առումով:
Արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ ինք կառավարութեան մէջ կը ներկայացնէ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը եւ անոր կեցուածքին հիման վրայ պիտի քուէարկէ կառավարութեան որոշումներուն:
Մըրատ աւելցուց նաեւ, որ ինք ներկայ պիտի գտնուի Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստերուն` ընդգծելով, որ ինք աւագ նախարարի փորձառութիւնը պիտի չկրկնէ եւ բոլորին հայրը նկատուող հանրապետութեան նախագահը յուսախաբ պիտի չընէ:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք պիտի հետեւի նախկին կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց ու առեւտուրի նախարարներու աշխատանքին եւ իր ջանքերը պիտի կեդրոնացնէ լիբանանեան արտադրութիւնները արաբական եւ օտար երկիրներ արտածելու աշխատանքին վրայ:
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա շեշտեց, որ նախարարութեան մէջ աշխատանքը պիտի շարունակուի, եւ եթէ անհրաժեշտ է` այդ աշխատանքը շուրջօրեայ դրութեամբ պիտի կատարուի` նախարարութեան անլոյծ մնացած բոլոր թղթածրարները լուծելու եւ նախարարութիւնը փակելու նպատակով:
Տեղահանուածներու հարցերու նախարար Սալեհ Ղարիպ ընդգծեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարը ազգային բնոյթի թղթածրար մըն է, որ տնտեսական կացութեան վրայ իր հետեւանքները կը ձգէ: Ղարիպ կոչ ուղղեց բոլորին գործելու այնպիսի ձեւով, որ երկրին շահերը ըլլան չափանիշը:
Երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիս շեշտեց, որ խիստ կերպով պիտի վարուի մաքսանենգումի պարագաներուն հետ: Ան հաստատեց, որ աշխատանքի լծուելու եւ արդիւնաբեր ըլլալու իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ցուցմունքները շատ յստակ եղած են:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի ընդգծեց, որ իրենց կարգախօսն է համագործակցիլ` հաստատելով, որ իւրաքանչիւր նախարարութիւն պատասխանատու է փտածութեան դէմ պայքարին:
Պուսթանի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն նոր քաղաքականութիւն եւ ռազմավարութիւն որդեգրելու, որպէսզի նախարարութեան աշխատանքը արագընթաց ըլլայ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք նախարարութեան որդեգրելիք նոր ուղեգիծին մասին լիբանանցիները տեղեակ պիտի պահեն:
Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք նշեց, որ նախարարութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները հսկայական են, յատկապէս ինչ կը վերաբերի նշանակումներուն: Ան ըսաւ, թէ ինք կառավարութեան մէջ պիտի պաշտպանէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքները եւ պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու:
Կիներու եւ երիտասարդներու տնտեսական կարողութիւններու ամրապնդումի պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի շեշտեց, որ ինք անկախ է եւ Լիբանանի նախարար է եւ ոչ թէ Թրիփոլիի` աւելցնելով, որ իր նշանակումը առաջարկած է վարչապետ Սաատ Հարիրի, իսկ նշանակումը կատարուած է վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի համախոհութեամբ: