Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթ կէսօրին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան «Միրնա Շալուհի» կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն` ընդգծելով, որ այդ մասին լուսաբանութիւն ներկայացնել պահանջելը քաղաքացիին իրաւունքն է:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Հզօր Լիբանան համախմբումի 11 նախարարները, որոնց շարքին էր նաեւ կառավարութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Պասիլ նշեց, որ ոմանց նպատակն էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը հարուածել` արգիլելով կառավարութեան կազմութիւնը եւ առիթ տալով, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը փուլ գայ: «Ոմանք կը փորձէին արգիլել, որ նախագահ Աուն իր դերակատարութիւնը ստանձնէ կառավարութեան կազմութեան առումով, եւ ատիկա չկատարուեցաւ, իսկ կառավարութիւնը կազմուեցաւ միաձուլելով այն հինգ լուծումները, որոնք առաջադրուեցան: Անկարելի է, որ նախագահ Աունը իր իրաւասութիւններէն հրաժարի: Տակաւի՛ն, փորձեր կատարուեցան հանրապետութեան նախագահին նախարարներու չափաբաժինը իւրացնելու եւ զայն զրկելու փոխվարչապետի պաշտօնը ստանալէ, սակայն ատիկա եւս չկատարուեցաւ, որովհետեւ նախագահ Աուն այդ պաշտօնը յանձնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ ամէն ճիգ ի գործ դրուեցաւ, որ նախագահ Աուն եւ անոր խմբակը կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը չունենան` աւելցնելով, որ ատիկա իրենց հետապնդած նպատակը չէր, այլ` իրենց ներկայացուցչութեան արդիւնքը:
«Մենք այսօր պատմութեան յանձնած ենք այն իրականութիւնը, որ 1990-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կառավարութեան մէջ քաղաքական ուժերու արդար ներկայացուցչութիւն կրցած ենք ապահովել, իսկ մինչեւ քաղաքացիական պետութեան հասնիլը պէտք է այդ արդարութիւնը պահպանուի», ըսաւ ան:
Պասիլ յայտնեց, որ կարելի եղած է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ եւ արդար չափանիշներով: «Միակ բացառութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն է, սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ բացառութիւնը մեզի ալ կը վերաբերի` նկատի ունենալով Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին ներկայացուցչութիւնը, բայց եւ այնպէս անիկա հարց մը չէ, այնքան ատեն որ ներկայացուցչութեան իմաստով արդարութիւնը պահպանուած է», յայտնեց Պասիլ:
Ան ողջունեց կառավարութեան նոր կազմը, ուր համայնքային եւ յարանուանական մենատիրութիւնը ջնջուած է, եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները յարգուած են: «Մենք ուրախ ենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը բազմազանութիւն կը բուրէ, եւ մեր համախմբումին մէջ ատիկա էական է եւ ոչ թէ ձեւական: Մեր համախմբումը ո՛չ միայն Ազգային ազատ հոսանքէն կը բաղկանայ, այլեւ` ՀՅ Դաշնակցութենէն, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութենէն, Անկախութեան շարժումէն, անկախներէ եւ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումէն, իսկ Իթթիհատ կուսակցութեան հետ կրնանք մեր նախկին փորձառութիւնը կրկնել` արեւմտեան Պեքաայի մէջ գործակցութեան իմաստով», շեշտեց ան:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնը թերեւս խոցուած է, սակայն մեր միջեւ հաշտութիւնը տակաւին առկայ է, եւ մենք կ՛ուզենք մեր միջեւ համաձայնութեան ոգիով գործել:
«Մենք կը փափաքինք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ վերադառնալ հաշտութեան օրուան: Երեսփոխանական ընտրութիւնները աւարտած են, եւ այսօրուընէ կը հաստատեմ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնենք եւ կ՛ըսենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ ոքի աշխատանքը խոչընդոտած է, այլ` ուրիշներն են, որ միշտ իր աշխատանքները արգելակած են», նշեց ան:
Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ յստակ համաձայնութիւն կայ, որ ոչ արդիւնաբեր նախարարը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի: «Իսկ մենք մեզի համար 100 օրուան աշխատանք ճշդած ենք: Եթէ նկատենք, որ այդ օրերուն ընթացքին մեր աշխատանքը դիտմամբ կը խոչընդոտուի, ապա փողոց պիտի իջնենք, որովհետեւ մենք օր մը օրանց իշխանութեան խմբակի հոգեբանութիւն չենք ունեցած: Այսօրուան կառավարութեան նիստին մենք համաձայնեցանք, որ ելեկտրականութիւնը առաջնահերթութիւն է, իսկ հարիւր օր ետք պիտի ունենանք ելեկտրականութեան տագնապին լուծման ուղեցոյցը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ կենսոլորտի, արդարութեան եւ տեղահանուածներու նախարարութիւններուն: Մենք ունինք լաւագոյն ծրագիրները եւ նախարարները: Ունինք տեղահանուածներու հարցերու նախարար մը, որ գիտէ սուրիացիներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ խօսելու լաւագոյն ձեւը:
«Մենք կը գտնուինք Լիբանանի համար յայտնուած յոյսի նոր վայրկեանի մը դիմաց: Մենք հոս ենք աշխատելու եւ պատրաստ ենք լսելու որեւէ քննադատութիւն, որ շինիչ է, սակայն մեզի դէմ դաւադրութիւնը անարդար կը նկատենք, որովհետեւ մենք մեզի հաշուետուութեան պիտի ենթարկենք` ուրիշը ենթարկելէ առաջ», եզրափակեց ան: