Հինգշաբթի, 31 յունուարին, Լիբանանի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի պատրաստած իննամսեայ ծրագիրի գործադրութիւնը:
Ծրագիրը, որ կը կոչուի «Յարատեւ բարգաւաճման նպատակով գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ազգային ռազամավարական ծրագիր», կը բաղկանայ երեք փուլերէ:
Անոր գործադրութեան առաջին փուլը անոր ներկայացումն էր, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի օր` ներկայութեամբ 15 համալսարաններու կողմէ նշանակուած շուրջ 40 դասախօսներու, տնօրէններու կամ ղեկավարներու:
Հանդիպումը վարեց Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան:
Ան իր խօսքին մէջ մէջբերեց վերջերս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Արաբական տնտեսական վեհաժողովի ընթացքին Արաբական դրամատան փոխնախագահ դոկտ. Մահմուտ Մուհիէտտինի արտասանած հետեւեալ խօսքը. «Առանց ուսման եւ գիտութեան, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան բարիքներէն օգտուելու, կարելի պիտի չըլլայ յարատեւ բարգաւաճման նպատակները իրականացնել»:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց համալսարաններու նախագահներուն` ազգային այս ծրագիրին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութեան համար:
Ապա ան հրաւիրեց ԷՍՔՈՒԱ-ի փորձագէտ դոկտ. Մարինը` բացատրելու համար ծրագիրին նպատակներն ու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ համալսարաններու ունենալիք ներդրումը այս ծրագիրին գործադրութեան առումով:
Ծրագիրի ներկայացման աւարտին դոկտ. Նորա Պայրագտարեան եւ դոկտ. Մարին պատասխանեցին դասախօսներու հարցումներուն:
Գիտական եւ մասնագիտական բարձր չափանիշներով պատրաստուած այս ծրագիրը մեծապէս արժեւորուեցաւ դասախօսներուն կողմէ: