Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով Շնորհաւորութիւնները Կը Շարունակուին

Փետրուար 2, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ շնորհաւորեց վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ անոր ու նախարարներուն յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրագործելիք տնտեսական, բարգաւաճման եւ փտածութեան դէմ պայքարի նուաճումներուն առիթով:

Միւֆթի Տըրիան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ այնպիսի աշխատանքային ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ իրականացնել լիբանանցիներուն ձգտումները:

Ան նշեց, որ լիբանանցիները երկար սպասեցին կառավարութեան կազմութեան` մաղթելով, որ խորհրդարանը շուտով իր վստահութեան քուէն տայ կառավարութեան, որպէսզի ան սկսի իր աշխատանքին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց վարչապետ Հարիրին եւ բոլոր նախարարները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները: Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը յաջողի իր գործունէութեան մէջ եւ նախորդ ամիսներուն արձանագրուած վնասը կարենայ հատուցել:

Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը միասնականութեամբ գործէ եւ պէտք եղած բոլոր բարեկարգումները կատարէ` տնտեսական եւ ելեւմտական աճ արձանագրելու համար:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կարեւոր կը նկատէ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ փտածութեան դէմ պայքարին անհրաժեշտութիւնը:

Մաքրոն շնորհաւորեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ փափաք յայտնեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի խոստացած տնտեսական բարեկարգումները կը գործադրուին:

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի նպաստէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան պահպանումին:

Ան շեշտեց, որ Իտալիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան, սակայն մտահոգ է Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութեամբ, «նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա ծանօթ է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան, որ չարտօնէ կարգ մը նախարարութիւններու պիւտճէն օգտագործել` Հըզպալլային զօրակցելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Վիոլեթ Սաֆատի. «Վարչապետ Հարիրիէն Իմացայ Նախարարութեան Անուանումը Փոխելու Անոր Համաձայնութիւնը»

Յաջորդը

Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդ. Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Չափանիշներու Յանձնախումբի Իիննամսեայ Ծրագիրը Սկիզբ Առաւ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?