Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մենք Համախոհական Ժողովրդավարութեան Շուրջ Համաձայնած Ենք»

Փետրուար 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած արաբական-եւրոպական նախարարական խորհրդաժողովին:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ ըսաւ. «Կ՛երազենք, որ արաբական երկիրները ժողովրդավար դառնան, արաբ ժողովուրդը մարդկային իրաւունքներ ունենայ, գիւղաքաղաքները բացարձակ ազատութեամբ ապրին, իսկ շրջանը բազմազանութեամբ օժտուի, որպէսզի արաբ անհատը անձեռնմխելի դառնայ ուրիշը ընդունելու պարագային եւ օրէնքով պաշտպանուի:

Պասիլ ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ ինք համոզուած է, թէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը պատճառ պիտի դառնայ բաժանումի, որովհետեւ ոմանք պիտի ուզեն տեղահանուածներու տունդարձը, իսկ ուրիշներ պիտի մերժեն, «սակայն մերժող կողմը ի վերջոյ պիտի համոզուի, որ տունդարձն է միակ լուծումը, բայց եւ այնպէս այլոց համոզելու ընթացքին մեր կորսնցուցած ժամանակին գինը բոլորս սուղ պիտի վճարենք», շեշտեց Պասիլ:

Պասիլ – Թահեր Հանդիպում

Պրիւքսելի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիպիացի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Թահեր Սայալայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ լիբանանեան-լիպիական յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորուին, բացի երբ կը յստակացուի իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն ամբողջական ճշմարտութիւնը:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանան կ՛ողջունէ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներու ճակատագիրի բացայայտումին մասին լիպիական կողմին ի գործ դրած ճիգերը:

Միւս կողմէ, Պրիւքսել գտնուելու առիթով Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ հոն ապրող լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Իր խօսքին մէջ Պասիլ նշեց, որ իրենք համաձայնած են համախոհական ժողովրդավարութեան շուրջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իրենք զիրար կ՛ընդունին` մեծամասնութիւններով եւ փոքրամասնութիւններով, բոլոր համայնքներուն պարագային:

Ան յայտնեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքին մշակումով եւ գործադրութեամբ կրցած են ազգային միասնականութեան ընդմէջէն արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:

Պասիլ ընդգծեց ազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը քաղաքական կայունութեան հաստատումին նպատակով` ցաւ յայտնելով, որ Լիբանան 9 ամիս կորսնցուցած է կառավարութեան կազմութեան համար:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը վերականգնելու կարեւորութեան` շեշտելով, որ Լիբանան այսօր կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց, ուր երկրին բարգաւաճումը ապահովելու եւ քաղաքացիներուն աւելի լաւ ծառայելու իմաստով նոր առիթներ կան:

Պասիլ նշեց, որ սպաներու աւազակախումբը, որուն մասին կը խօսուի, կը բաղկանայ տիւրզի, սիւննի, շիի, մարոնի, ուղղափառ եւ բոլոր համայնքներէն ներկայացուցիչներէ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ անոնք բոլորը միասին չեն բանտարկուիր: «Ինչո՞ւ այնպէս կը մեկնաբանուի, որ սպայի մը ձերբակալութիւնը համայնք մը թիրախ կը դարձնէ», հարց տուաւ ան` ընդգծելով, որ այս ոճով կարելի չէ փտածութեան դէմ պայքարիլ: Ան աւելցուց նաեւ, որ քաղաքական ու վարչական ծուլութիւնը եւս փտածութիւն կը նկատուի:

«Այսուհետեւ մենք ճշմարտութենէն պէտք չէ վախնանք եւ ճշմարտութիւնը պէտք է ըսենք, որովհետեւ կարողութիւնը ունինք համերաշխ ապրելու եւ միասին յաջողելու, պայմանով որ ժողովուրդին առօրեայէն ու անոնց կարիքներէն դուրս ձգենք մեր տարակարծութիւնները», եզրափակեց Պասիլ:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ կէսօրէ ետք Պրիւքսել կատարած իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք ուղղուեցաւ Փարիզ, ուր շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ:

 

 

Նախորդը

Նոր Նշանակուած Նախարարները Կը Ստանձնեն Իրենց Նախարարութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի Եւ «Հռոմ 2» Խորհրդաժողովներուն Օրէնքները

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?