Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ շնորհաւորեց Պըրրին կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ Պըրրիի հետ քննարկեց «Սետր»-ի եւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովներուն վերաբերող օրէնքներ:
Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու կարեւորութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Քանայի Պըրրին շնորհաւորեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Նշենք, որ Պըրրի կոչ ուղղեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն հինգշաբթի, 7 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարելու նիստ մը:



